ՄԱՀ՝ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ
Թերթս հրատարակութեան յանձնելու պահուն խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրներէն Եդուարդ Թովմասեան, որ տասնամեակներէ ի վեր այդ կառոյցի սիւներէն հանդիսացած էր։ Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ մինչ բօթը տարածուած է կայծակնային արագութեամբ։ Եդուարդ Թովմասեան պոլսահայ համայնքի առացքային դէմքերէն մին էր՝ տասնամեակներ շարունակ գործունէութիւն ծաւալած էր՝ արժանացած ըլլալով համատարած համակրանքի, յարգանքի եւ սիրոյ։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաներէն էր եւ միշտ բարձր կը գնահատուէր իր կողմէ բերուած ներդրումը՝ համայնքի մտաւորական կեանքին։
Յաջորդիւ աւելի մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք այս կորուստին։
Եդուարդ Թովմասեանի յիշատակին առջեւ կը բերենք մեր խոնարհումը եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ նուիրեալ ու բազմավաստակ կրթական մշակ Փայլինէ Թովմասեանին, զաւակներուն՝ Պետրոս-Սելին Թովմասեան ամոլին, Միհրան-Էսմէ Թովմասեան ամոլին, թոռներուն, քրոջ՝ Թագուհի Զամանին եւ բոլոր հարազատներուն։
Թրքահայ կեանք
- 02/05/2025