ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց Էսաեան վարժարանի երախտաշատ հիմնադիրները՝ հոգելոյս Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեանցիներուն համար երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած աւանդութիւն է՝ վարժարանի հիմնադիր բարեյիշատակ եղբայրներու վերյիշումը։

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Պէյօղլուի ընտանիքի պատասխանատուներուն եւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներուն եւ ուսուցչական կազմին առընթեր, ոգեկոչման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ վարժարանի զանազան սերունդներէ սաներ, կրթական մշակներ։

Ս. Պատարագին յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին բոլորը աղօթեցին Էսաեան հարազատներու յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ներկաները համախմբուեցան «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Աղօթքներուն ի շարունակութիւն միաբերան երգուեցաւ «Ողջոյն տաճար իմաստութեան»ը։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն Ռաֆֆի Սիւզմէի եւ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանի ելոյթներէն վերջ արտայայտուեցան նաեւ դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, լիսէի բաժնի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի խօսքով։

Յետմիջօրէին հոգելոյս Էսաեան հարազատներու Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին ալ այցելութիւն տրուեցաւ։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ հոգեհանգստեան կարգ տեղի ունեցաւ Էսաեան հարազատներու ընտանեկան դամբարանին առջեւ։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

Միւս կողմէ, Էսաեան սանուց միութեան մէջ ալ, Ս. Ծնունդի առթիւ, շաբաթավերջին տնօրհնէքի արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ձեռամբ։

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024