ԴԱՐԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԵՐԹԵՒԵԿ
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսը շաբաթավերջին բնորոշեց համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։ Իսկապէս փայլուն ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ իր որակով ու մակարդակով առանձնացաւ՝ ներկան եւ անցեալը ընդելուզելով։ Այս շնորհանդէսին ընթացքին ներկայացուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած երեք գիրքեր, որոնք վերջին շրջաններուն արժանացած են մօտիկ հետաքրքրութեան։ Այդ գիրքերն են՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի (Քասիմ) «Օրուան մտածումներ (1908-1913)»ը, Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) «Փոքր Ասիոյ մէջէն»ը եւ Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ»ը։ Շուրջ դար մը առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածներու այս ժողովածոները թէ՛ լոյս կը սփռեն իրենց գրի առնուած ժամանակաշրջանին վրայ եւ թէ շատ յատկանշական զուգահեռականներ ունին մեր արդի ժամանակի օրակարգին հետ։ Այս հանգամանքը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ այս գիրքերուն արժէքը, իսկ Շաբաթ օրուան ձեռնարկը դարերու միջեւ երթեւեկելու հնարաւորութիւն ընձեռեց գինեձօնի հաւաքոյթի մասնակիցներուն։ Արդարեւ, յիշեալ գիրքերը արժեւորելու, անոնց վերաբերեալ գրասէրներուն մեկնաբանութիւններ փոխանցելու համար համախմբուած էին հեղինակաւոր մտաւորականներ, որոնք իսկապէս արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսը ու շատ ամբողջական պատկերացում մը ստեղծել յաջողեցան թէ՛ այդ երեք գիրքերուն եւ թէ անոնց բովանդակութեան մէջ արծարծուած զանազան նիւթերուն շուրջ։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Anadolu Kültür-ի աջակցութեամբ։ Երեկոյթին նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, իսթանպուլահայ վարժարաններու տնօրէններ, կրթական մշակներ, սանուց միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գրասէր հիւրեր։ Թէեւ խոր ծալքերով նիւթեր կ՚արծարծուէին այս ձեռնարկին շրջագծով, սակայն հաւաքոյթի ամբողջ տեւողութեան դահլիճէն ներս տիրեց ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտ։
Ձեռնարկին յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Դալար Քէօսէօղլուի, որու ողջոյնի խօսքով բացուեցաւ երեկոյթը։ «Անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին» խորագրեալ հանդէսին ընթացքին ուրոյն կարծիքներու, եզակի դիտարկումներու տարափ մը ապրուեցաւ, ինչ որ իսկապէս հետաքրքրական էր ու շահեկան՝ հանդիսատեսներուն տեսանկիւնէն։ Հայութեան արդի օրակարգի նիւթերուն շուրջ որոնումներու եւ անոնց վերաբերեալ պատուհաններու առիթ ընձեռեց Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած այս յատկանշական ժամադրութիւնը, որու մասնակիցները իսկապէս յագեցան գաղափարներով ու մասնակցած ըլլալով մտային լուրջ վարժանքի մը։
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Սեւան Տէյիրմենճեան, որ ըսաւ, թէ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը առիթ մըն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անտակ խորքերէն դուրս բերելու, մամլոյ գերեզմաննոցներէն լոյսին բերելու, յարութեան շունչ տալու, մոռացութենէ ազատելու մեր դասական հեղինակներուն ցիրուցան գործերը։ Իր խօսքերով, աւելի քան հարիւր տարուան հնութեամբ գրութիւնները, որոնք ամփոփուած են այս երեք գիրքերուն մէջ, չեն կարդացուիր պատմական երկ մը ընթերցելու կամ անցեալը քրքրելու, զայն պեղելու նպատակով, այլ կարդալու ժամանակ իսկ ընթերցողը կ՚անդրադառնայ, թէ ինչպէս ժամանակակից կեանքէն էջեր կը փռուին իր առջեւ։ Անցեալի եւ ներկայի զուգահեռականներուն, նմանութիւններուն շուրջ Սեւան Տէյիրմենճեան հետաքրքրական մէջբերումներ ըրաւ յիշեալ գիրքերէն եւ աւելցուց, թէ այդ գիրքերը պիտի չընթերցուին մի միայն որպէս ընթերցանութեան նիւթ եւ անոնց էջերու թղթատումով կը պատկերանայ նաեւ մեր կեանքի դառն առօրեան։ Ան կանգ առաւ թրքահայոց քաղաքացի ըլլալու վերաբերեալ հանգամանքներուն վրայ, ժողովրդավարութեամբ նախատեսուած բոլոր իրաւունքներով եւ զգայնութիւններով։ «Կարդացէք սիրելիներ այս գիրքերը։ Անցեալին Պոլիսը հայոց քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ նման հրատարակութիւններ չէր կատարեր։ Կը յիշեմ, նամակներ կը գրէինք Պէյրութ եւ Զարդարեանի հատորը կը խնդրէինք։ Բայց հիմա Պոլիսը Զարդարեան եւ նման այլ հեղինակներ կը տպէ եւ ուրիշներ են, որ նամակներով մեզմէ կ՚ուզեն այս հատորները։ Գոհունակութեան առիթ մըն է, որ անցեալի թմրածութիւնը կը թօթափէ այս քաղաքը եւ հետզհետէ իր անցեալէն քաղած համարձակութեամբ կը տեղաւորուի Սփիւռքի ընդհանուր տարածքին վրայ նաեւ այս իմաստով», ըսաւ ան։
ԱՍՈՒԼԻՍ
Աւելի վերջ սկսաւ այն ասուլիսը, որ կը կազմէր օրուան ծրագրին ողնայարը։ Այս ասուլիսի ատենախօսներն էին Համպուրկի համալսարանէն Իշխան Չիֆթճեան, բանասէր Վարդան Մատթէոսեան եւ պատմաբան Վահէ Թաշճեան, որոնք գրի առած էին Քասիմի, Երուխանի եւ Զարդարեանի գիրքերուն յառաջաբանները՝ նոյն հերթականութեամբ։ Անոնց միացած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրակազմէն պատմաբան Այլին Գօչունեան։ Ասուլիսը վարեց բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Սագօ Արեան, որ սկիզբին հանդէս եկաւ ամփոփ ներածականով մը։ Իր խօսքը առանձնապէս ներկայացուած է յարակից սիւնակներուն մէջ։ Ասուլիսի ընթացքին առաջին խօսքը տրուեցաւ Այլին Գօչունեանին, որ այս երեք գիրքերուն վերաբերեալ ընդհանուր գնահատականով մը հանդէս եկաւ՝ տուեալ ժամանակաշրջաններուն շուրջ դիտարկումներով։ Այլին Գօչունեանի խօսքն ալ ամբողջութեամբ ներկայացուած է յարակից սիւնակներուն մէջ։
ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Ապա հանդէս եկաւ Իշխան Չիֆթճեան, որ վերջին շրջաններուն Իսթանպուլ կատարած այցելութիւններուն վերաբերեալ մարդկային տաքուկ դիտարկումներ եւ տպաւորութիւններ փոխանցելով խօսեցաւ՝ անմիջականութեան կամուրջ մը հաստատելով ունկնդիրներուն հետ։ Իշխան Չիֆթճեանի խօսքերով՝ թրքահայութիւնը հայկական կեանքին պատիւ բերող մայր գաղութ մը կը համարուի։ «Պոլիսը մեր բախտին ու դժբախտութեան մայրաքաղաքն է նոյնաժամանակ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, թէ Պոլիսը, հայկական Պոլիսը կը պատկանի բոլորին։ Միսաք Գօչունեանի գիրքին մասին ան խօսեցաւ բարձր գնահատանքով ու նշեց, թէ հրապարակագիրը այն անձն է, որ հասարակութեան, իր լսարանին ուղղութիւն ցոյց կու տայ։ Ան այս առումով լաւագոյն օրինակ մը համարեց Միսաք Գօչունեանը եւ ըսաւ. «Քասիմը այն հրապարակագիրն է, որ ձեռքէդ կը բռնէ ու կը տանի այն տեղ, ուր որ պէտք է»։ Իշխան Չիֆթճեան շեշտեց, որ Քասիմի յօդուածներու ժողովածոյին մէջ ներկան եւ անցեալը իրարու մէջ են, ընդելուզուած։ Հետեւաբար, ան խորհուրդ տուաւ անպայման կարդալ Միսաք Գօչունեանի այս գիրքը ու որպէս հիմնաւորում իրերայաջորդ ձեւով ընթերցեց ժողովածոյին մէջ ընդգրկուած յօդուածներուն վերնագրերը, որոնք ինքնին ապացոյց կը հանդիսանային այս ուղղութեամբ։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Աւելի վերջ հանդէս եկաւ Վարդան Մատթէոսեան, որ փութացած էր Նիւ Եորքէն։ Ան առաջին անգամ կ՚այցելէր Պոլիս, իբր այդ նշեց, թէ Պոլիսը ճանչցած էր հեռուներէն, գիրքերու միջոցաւ, իսկ իր այս առաջին այցելութիւնը առիթ հանդիսացած է, որ ուխտը վերանորոգէ անցեալի դէմքերուն նկատմամբ։ Երուխանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն» գիրքին մասին խօսելով՝ Վարդան Մատթէոսեան շեշտեց, թէ ան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ ու ժամանակէն անդին գործ մըն է։ Շուրջ դար մը առաջ գրուած այդ յօդուածներով Երուխանի ոտքը ամուր կանգնած է նաեւ ներկային մէջ։ Վարդան Մատթէոսեան ընդգծեց, թէ շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուած այս երեք գիրքերը անկարելի է ընթերցել լոկ պատմութեան համար։ «Այդ գիրքերուն մէջ տեղ գտած յօդուածները գրի առնուած են օրուան մը կեանք ունենալու համար, բայց երբ որ կը մէկտեղուին՝ այլեւս մէկ օրուան թիթեռնիկներ չեն, մեզի կը խօսին հարիւր տարուան խորքով», ըսաւ Վարդան Մատթէոսեան, որ շեշտեց նաեւ, թէ լուրջ ընթերցումի արժանի գործեր են անոնք։ Լեզուական հարցերուն ալ ակնարկեց Մատթէոսեան եւ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ հարիւր տարի առաջ կարելի էր հայ իրականութեան մօտ ժողովուրդին հասնիլ պարզ խօսքով։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը քաղաքական եւ ժողովրդական օրաթերթ մըն է։ Այդ «ժողովրդական» ածականը կ՚ենթադրէ մատչելիութիւն։ Ըստ իրեն, այսօրուան մեր խմբագիրներն ալ պէտք է նոյնքան ճիշդ ձեւով փոխանցեն իրենց խօսքը ժողովուրդին։ «Այս հեղինակներուն ընթերցումը զիս անգամ մը եւս կը համոզէ բարդ հայերէնի եւ ճիշդ հայերէնի տարբերութեան մասին», ըսաւ Վարդան Մատթէոսեան։
ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Աւելի վերջ խօսեցաւ Վահէ Թաշճեան, որ նշեց, թէ Ռուբէն Զարդարեան ծանօթ է առաւել չափով իր գրական արտադրութեամբ, իսկ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ հրատարակուած իր յօդուածները փաստօրէն կը համընկնէին հարցակէտային ժամանակահատուածի մը, երբ կը վերահռչակուէր Օսմանեան սահմանադրութիւնը։ Այդ քայլը նոր սկիզբ մը կու տար կայսրութեան ընկերաքաղաքական ուղիին։ «Յօդուածներ» գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ հրապարակագիր-լրագրող Ռուբէն Զարդարեանը, որու գործերով մեր աչքի առջեւ կը վերականգնուի պատմական ժամանակաշրջան մը։ Վահէ Թաշճեանի խօսքով իր յօդուածներուն մէջ արտայայտուած գլխաւոր միտքն է՝ զննող միտքը։ Ան դիտել տուաւ, թէ Զարդարեան ըստ էութեան օսմանեանական մըն էր, հաւատք կը տածէր սահմանադրական կարգերուն եւ պետութեան նկատմամբ հաւատարիմ տրամադրութիւններ ունէր։ Զարդարեան իր զննող եւ սրահայեաց միտքով լաւ կը նկատէր այդ շրջանի նոր կարգերուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ահագին խոչընդոտները, որոնք ի վերջոյ անյաղթահարելի խոչընդոտներ պիտի ստեղծէին նոր ուղիին առջեւ, պիտի խորտակէին ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան նորածիլ բոյսերը եւ ճամբայ պիտի հարթէին նոր չարիքներու համար։ Վահէ Թաշճեան դիտել տուաւ, թէ այդ կէտէն սկսեալ Ռուբէն Զարդարեան սկսած էր հանդէս գալ առաւել չափով որպէս հայ հրապարակագիր, որպէս հայ քաղաքական գործիչ։ Արդարեւ, ան խորապէս կը գիտակցէր, թէ նախկին վարչակարգի շրջանին առաւել չափով տուժածը եղած էր իր խումբը՝ այսինքն առաւել չափով տուժած էին հայերը։ Հետեւաբար նոր գործընթացի ապագայ խափանումը անխուսափելիօրէն նոր սպառնալիքներու եւ վտանգներու դուռը լայն կրնար բանալ բոլորէն աւելի հայերուն առջեւ։ Վահէ Թաշճեան յայտնեց, թէ Զարդարեանի յօդուածները խարսխուած են այս գաղափարական ենթահողին վրայ։ Իր խօսքերով՝ Զարդարեանի պահանջները հարազատօրէն արտայայտութիւններն են այդ տարիներու հայ քաղաքական մտքին. հաւասարութիւն օրէնքի առջեւ, տնտեսական ազատութիւն, հարստահարութիւններու դէմ պետական ապահովութեան երաշխիք, հայկական մշակութային զարգացումի եւ քաղաքական կեանքի մասնակցութեան իրաւունք։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Այս իսկապէս ճոխ ասուլիսի աւարտին ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց արտասահմանէն փութացած մասնակիցներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց կողմէ ձեռնարկին բերուած անփոխարինելի ներդրումը։ Արա Գօչունեան նշեց, թէ թրքահայութիւնը ներկայիս ունի ծանրաբեռնուած օրակարգ մը, որու ընդգրկած նիւթերուն հետամուտ է սահմանափակ ներուժով։ Աշխարհի հայութեան կողմէ աճած է հետաքրքրութիւնը մեր համայնքին նկատմամբ, իսկ համայնքը ունի պատասխանատուութիւնը թէ՛ իր ընթացիկ կամ ներքին կեանքի խնդիրներու լուծման վրայ կեդրոնանալու եւ թէ այդ հետաքրքրութիւնը յագեցնելու։ Այս բոլորին համար անհրաժեշտ է աւելի միասնական մթնոլորտի մը ստեղծուիլը եւ համայնքը քաղաքացիական իրաւունքներէն պէտք է օգտուի առաջին հերթին իր շահերուն գիտակցութեամբ։ Հայաշխարհի ընդհանուր հաւասարակշռութիւններուն մէջ ան առանցքային տեղ մը վերագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչ որ շնորհանդէսին շրջագծով ծանօթացուած երեք գիրքերու բովանդակութեան տեսանկիւնէն ալ յատկանշական է։ Արդարեւ, այդ գիրքերուն բովանդակութիւնը այժմէական է այսօր՝ հայութեան դիմագրաւած հարցերուն տեսակէտէ, սակայն հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ ներկայիս գոյութիւն ունի անկախ Հայաստան մը, ինչ որ կը պայմանաւորէ հայութեան ընդհանուր երթը։
Արա Գօչունեանի խօսքի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան այս ձեռնարկին մասնակցելու համար արտասահմանէն քաղաքս փութացած հիւր մտաւորականներուն։ Անոնց յանձնուեցան թերթիս կրծքանշանները։ Իշխան Չիֆթճեանի յուշանուէրը յանձնեց յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան։ Վարդան Մատթէոսեանի յուշանուէրը յանձնեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենադպիր Արամ Գամպուրեան, Վահէ Թաշճեանի յուշանուէրը յանձնեց ծանօթ համայնքային գործիչ Գրիգոր Տէօշէմէճեան։ Սագօ Արեան յուշանուէրը ստացաւ ձեռամբ Արսէն Աւագեանի։ Յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Սեւան Տէյիրմենճեանին, քանի որ ձեռնարկը կը զուգադիպէր իր ծննդեան 40-ամեակին։ Իր յուշանուէրն ալ փոխանցեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան։
Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆԻ ՓԱԿՄԱՆ ԽՕՍՔԸ
Երեկոյթին յայտագիրը եզրափակուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հուսկ բանքով։ Ան դիտել տուաւ, թէ ի տարբերութիւն հարիւր տարի առաջուան կացութենէն, ներկայիս թրքահայութեան օրակարգին վրայ համապատասխան ձեւով առաջնահերթ չեն քաղաքական խնդիրները։ Համայնքը այսօր առաջին հերթին կը զբաղի իր հաստատութիւններու խնդիրներով, կրթական եւ ինքնութեան պահպանման հարցերով։ Նորին Սրբազնութիւնը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ գիրքերու հրատարակութեան եւ մասնաւորապէս ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաքելութեան ու գործունէութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, որքան որ ալ մեր եկեղեցիները փութացող հաւատացեալներուն թիւը դառնայ սակաւ, մեր վարժարանները յաճախող աշակերտութեան թիւը սակաւանայ կամ մեր մամուլի ընթերցողներուն թիւը նուազի՝ յամենայնդէպս այդ բոլորին առաքելութիւնը պէտք է շարունակուի։ Արդարեւ, եթէ այդ բոլորը կորսուին, ապա պիտի կորսուի միանգամընդմիշտ, կարելի պիտի չըլլայ վերականգնել, հետեւաբար ապագայ հաւանական վերաշխուժացման, վերակենդանացման յոյսն ալ պիտի սպառի վերջնականօրէն։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շատ հաղորդական ոճով ըսաւ հետեւեալը. «Մարդուն մէկը կը քարոզէ եղեր ճեմապարտէզի մը մէջ։ Սկիզբին ունեցեր է որոշ չափով ունկնդիրներ, որոնց թիւը պակսեր են աստիճանաբար։ Վերջաւորութեան բնաւ ունկնդիր չէ մնացեր, բայց մարդը շարունակեր է քարոզել։ Իրեն հարց տուեր են, թէ ինչո՞ւ կը շարունակէ քարոզը, երբ ոեւէ ունկնդիր չէ մնացած։ Ի պատասխան այդ անձը կ՚ըսէ, թէ կը քարոզէ, որպէսզի ինքն ալ չերթայ»։
Նորին Սրբազնութիւնը խօսքը եզրափակելով ողջունեց նաեւ արտասահմանէն հրաւիրուած սփիւռքահայ մտաւորականները եւ բարեմաղթութիւններ յղեց, որպէսզի «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը շարունակուի արդիւնաւէտութեամբ։
Արձակուելէ առաջ շնորհանդէսի մասնակիցները ապահովեցին ծանօթացուած գիրքերը, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ դրուած էին մասնաւոր տաղաւարով մը։
ԱՅԼԻՆ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Ստորեւ կը ներկայացնենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրակազմէն պատմաբան Այլին Գօչունեանի՝ շաբաթավերջի երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսին ընթացքին։
Մարդաբանները վերջին շրջաններուն կը կեդրոնանան մշակոյթի եւ իրաւական մտքի ձեւաւորման յարաբերակցութեան եւ փոխազդեցութեան վրայ: Միսաք Գօչունեանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ Երուխանի կամ ընդհանրապէս Հայ մտաւորականներու գործերէն կատարուած ընթերցումները առիթ կու տան հասկնալու համար, թէ բազմազգ կայսրութեան մը մէջ քաղաքականութեան եւ իրաւագիտութեան եզրերը ի՛նչ առանձնայատկութիւններ կ՚ունենան իւրաքանչիւր ազգի պարագային: Մեր մտաւորականներուն տողերէն կարելի է ընդհանուր իրաւագիտական միտք մը քաղել եւ դիտարկել, թէ հայերէնի բնորոշ քաղաքական եւ իրաւական լեզու մը կը զարգանայ:
Օսմանեան երկու սահմանադրական շրջանները բաղդատելով՝ կրնանք ըսել, որ երկրորդ սահմանադրական շրջանին Հայ մտաւորականներու խանդավառութիւնը վերջ գտած է շուտով: Ըստ երեւոյթին յոռետեսութիւնը Միսաք Գօչունեանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ Երուխանի պարագային հասարակաց տրամադրութիւն մըն է: Այսօր թէեւ կը ծանրանանք այս անուններուն վրայ, բայց կիներու տեսանկիւնէն կարծեմ, թէ Զապէլ Եսայեանը նոյն հոգեվիճակը լաւ կը նկարագրէ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին թիւին մէջ. «[...] մեզ՝ Պօլսեցիներուս համար ընդհանրապէս Ազատութիւնը հասաւ երբ բացարձակ անգիտակցութեան մէջ կը գտնուէինք, մենք զանիկա ընդունեցինք իբրեւ պարգեւ մը, շնորհ մը, չյուսացուած երջանկութիւն մը եւ ոչ թէ մեր արդար իրաւունքը [...] դեռ Արշալոյսը չէ ծագած, կասկածոտները իրաւունք ունին դեռ երկնչելու [...] իրենց հոգիները դեռ կաշկանդուած են սարսափներու յիշատակովը, ազատութիւնը մենք ինքզինքնուս միայն կրնանք տալ, անիկա իբրեւ շնորհ չ՚ընդունուիր երբեք [...] Ասոր համար է որ զարմանալի չէ կասկածոտներուն յոռետեսութիւնը, անոնք իրենց մէջը կը նային, իրենց հոգիին մէջէն կը դատեն դէպքերը ու երկնչելու իրաւունքներ կը գտնեն»։
Ուրեմն կրնանք ըսել, թէ Հայ մտաւորականութիւնը երկրորդ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ զգացական տարբեր շեմի մը հասած է: Սահմանադրութեան մը հիմքով ստեղծուած կառավարութիւնը բաւարար չի նկատեր եւ շօշափելի փաստեր կը փնտռէ Օսմանեան քաղաքական կեանքէն ներս: Առաջին սահմանադրութեան փորձառութիւնը եւ անոր յաջորդած բռնապետական շրջանը պատճառ կը դառնայ, որ անոնք կասկածին երկրորդ սահմանադրական փորձին ալ ձախողումէն: «Սահմանադրութիւնը միայն ձեւերը փոխեց, ոչ էութիւնները», կը մատնանշէ Զարդարեան: Հին ռեժիմին բոլոր դիւանակալները ոչ միայն անպատիժ մնացած են, այլ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնած՝ նոր ղեկավարութեան շարքերուն մէջ: Զարդարեան կը հարցաքննէ, թէ հին մտայնութիւն եւ ոգին իւրացուցած այս մարդուժը ինչպէ՛ս պիտի կարենար որդեգրել նոր ազատական քաղաքականութիւնը:
Միսաք Գօչունեան, Ռուբէն Զարդարեան եւ Երուխան ունին բազում յոռետեսութեան պատճառներ, որոնց վերյիշումը մեզ կը տանի Իթթիհատական շրջանի միջավայրը: Սահմանադրական հիմքով կառավարութիւն մը կազմուելով հանդերձ, գաւառներուն ապահովութիւնը տակաւին չէր հաստատուած: Հայաբնակ նահանգներէն Պոլիս շարունակ հարստահարումներու լուրեր կը հասնէին: Գաւառացի հայերուն սեփականութեան իրաւունքները կը յափշտակուին զանազան ցեղախումբերու կողմէ. «[...] դժգոհութիւնը կը խորանայ Օսմանեան պետութեան ազգերուն մէջ», կը նկատէ Զարդարեան: Բոլոր խնդրայարոյց երեւոյթներով հանդերձ , ամենազարմանալին եւ մտահոգիչն էր թուրք մտաւորականներուն լռութիւնը եւ անտարբերութիւնը այս բոլոր գործօններուն առջեւ, որոնք սահմանադրական ոգիին կը հակասէին: Զարդարեանի տեսանկիւնէն, թուրք տարրին մեծամասնութիւնը անվստահութիւն ունի քրիստոնեաներուն եւ մասնաւորապէս հայերու դէմ:
Իսկ Երուխան հայ-թրքական յարաբերութիւններուն անկեղծութեան տեսանկիւնէն կը մօտենայ: Ան կը քննադատէ իր ժամանակակիցներու եղբայրութեան ճառերուն անկեղծութեան պակասը եւ իր մտածումները կ՚ամբողջացնէ նամակի մը հոգեխռով խօսքերով: Այդ տողերը իրեն կը կարդար բարեկամը՝ Նշան Մագսուտ թրքերէն նամակէ մը, որ ուղարկուած էր Սաքըզէն, տեղւոյն կառավարիչը՝ Ահմէտ Մաճիտ էֆէնտիի կողմէ՝ իր դպրոցական ընկերն ու բարեկամը. «Կը յուսամ որ ապագան գեղեցիկ օրեր կը վերապահէ մեզ...: Կրնայ պատահիլ որ հիմնադիրը ըլլանք եղբայրութեան մը, ճշմարիտ եղբայրութեան մը ընդմէջ թուրքերուն եւ հայերուն», կ՚ըuէր Ահմէտ Մաճիտ էֆէնտին: Երուխանին տպաւորութեամբ անկեղծ նամակի մը մէջ, յանկարծ յայտնուած այս տողերուն բոլոր արժէքը կը բացատրուէր անոր պատահականութիւնով եւ թուրք բարեկամի մը զգացումներուն բնական ոճով արտայայտութեամբ:
Երուխան սահմանադրական վարչակարգին եւ երկրի քաղաքական մթնոլորտի միջեւ հակասութիւններու վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ: Այս շարքին մէջ ամենէն ծայրայեղականը Ատանայի ջարդերն են: Բայց ան նոյնաժամանակ կ՚անդրադառնայ հայութեան ներքին կռիւներուն եւ կը շեշտէ ներքին պայքարներուն դերը Օսմանեան հայերուն մատնուած քաոսին մէջ: Իր կարծիքով, այդ պայքարներուն վերջ տալու միակ միջոցը հաւաքական համաձայնութիւնն է: Օսմանեան հայերը ունին ազգային սահմանադրութիւնը՝ իրենց ներքին գործերը կառավարելու համար: Բայց նախատեսուած դրութիւնը ժանգոտած անիւի մը նման կը գործէ: Ասոր մէկ պատճառը ազգային սահմանադրութեան պարտադիր ուժէ զրկուած ըլլալն է: Իսկ միւսը՝ ներդաշնակութեան պակասն է հայոց հաւաքական կեանքէն ներս: Երուխանին Փոքր Ասիոյ մէջ կատարած ճամբորդութիւնները կը ներկայացնեն նաեւ հայ ինքնութեան դժուար ճանապարհը: Արդարեւ ան յարատեւ փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի արեւմտականացումի ալիքներով եւ քաղաքակրթութեան հասնելու կիրքով:
Միսաք Գօչունեանի «Օրուան Մտածումներ»ը կը խորացնէ Զարդարեանի եւ Երուխանի շարք մը հարցումները: Այդ շրջանին «Սապահ» թերթը կը քննադատէ հայերու արտասահման գաղթելու հոսանքը՝ շեշտելով, թէ «ազատութեան շրջանը այլեւս հայրենիքի զաւակներուն օտար երկիր գաղթելու դարը չէ»: Միսաք Գօչունեան կ’անդրադառնայ, թէ այս հոսանքին պատճառը երկրի մէջ արդարութեան եւ ապահովութեան պակասն է: Հայերը կը գաղթեն, որովհետեւ սահմանադրական բարենորոգումները չեն հասնիր գաւառները: Այս բարենորոգումներու հարցը Եւրոպական տէրութիւններու եւ Օսմանեան պետութեան միջեւ բանակցութեան առարկայ դարձած է: Զանազան առիթներով, Միսաք Գօչունեան կ’ակնարկէ այս իրողութեան: Եւրոպական ուժերը փոքրամասնութիւններու իրաւունքները օրակարգի վրայ կը բերեն Օսմանեան կայսրութեան վրայ ազդելու նպատակով:
Հայ մտաւորականները սահմանադրական ծրագիրը քաղաքակրթութեան հասնելու առիթ մը նկատած են: Թէ՛ ազգային սահմանադրութիւնը եւ թէ Օսմանեան սահմանադրութիւնը անոնց կողմէ համարուած են կանոնահաստատ միջոցներ, որոնք զիրար կ’ամբողջացնեն: Միսաք Գօչունեանին տողերէն կ՚անդրադառնանք, թէ մասնաւորապէս երկրորդ սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ Օսմանեան պետութիւնը կ՚ուզէ ջնջել ազգային սահմանադրութեան առանձնաշնորհումները, որովհետեւ «պատրիարքական առանձնաշնորհումները գոյութեան իրաւունք չունին այլեւս, քանի որ առանձնաշնորհում եւ սահմանադրական հաւասարութիւնը կը հակասեն իրարու»: Միսաք Գօչունեան, աւելի մանրամասնութիւններ կու տայ իր յօդուածներուն մէջ, փաստելու համար, թէ բուն նպատակը ժողովուրդին առջեւ պատրիարքարանի ազդեցութիւնը կոտրելն է:
Այս երեք հեղինակի գործերը այսօրուան աչքով արժեւորելով, կ’անդրադառնանք, որ իրենց յոռետեսութիւնը ժամանակի ընթացքին արդարացած է: Այս երեք գործերը լոյս կը սփռեն այդ շրջանի Օսմանեան հայերու ներքին տինամիքներուն, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային հարցերուն, Հայ հասարակութեան գոյութեան մտահոգութիւններուն, համայնքի եւ լայն հասարակութեան յարաբերութիւններուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔ
Ստորեւ կը ներկայացնենք բանաստեղծ եւ հրապարակագիր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից Սագօ Արեանի բացման խօսքը՝ Շաբաթ օրուան ասուլիսին առթիւ։
Ամբողջ պետութեան մէջ միմիայն Հայաստանն է, որ կղզիացած է անապատի մը պէս, եւ ափ մը շոգեկառք իսկ չունի դիւրին հաղորդակցութեան համար սահմանագլուխներուն կամ ծովեզերեայ քաղաքներուն հետ: Միմիայն Հայաստանը, որովհետեւ եւրոպական Թուրքիան, Փոքր Ասիոյ մէկ մասը, Կիլիկիան, Սիւրիան եւ նոյնիսկ հեռաւոր Արաբիան ունին առաւել կամ նուազ երկարութեամբ երկաթուղային գիծեր:
Հայաստանի համար պէտք են երկաթուղիներ: Բնական հարստութիւնով օժտուած այդ երկիրը անհրաժեշտ է, որ դուրս գար իր կղզիացումէն, մտնէ արագ հաղորդակցութեան մէջ՝ երկրակից միւս գաւառներու եւ օտար աշխարներուն հետ:
Յարգելի ներկաներ
27 Դեկտեմբեր 1908-ին իր «Անապատ երկիրը» խորագրեալ յօդուածին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն այսպէս կը գրէր Ռուբէն Զարդարեան:
Խորհրդանշական, աւելի քան իմաստուն, օրուան խնդիրներուն խորքային հայեացք նետող հրապարակագիրը կը պարզէր Պատմական Հայաստանի այդ օրերուն բաւական դժուարին պատկերը: Դառն ճակատագրի ենթարկուած հայ գրողը կը խօսէր նաեւ հայկական գաւառներու ապրած թշուառութեան մասին: Իր ժողովուրդի տագնապին մասին ու անոր վերելքին համար մաքառող այս մեծ անունը չէր սխալած: Ու անոր բառերուն իմաստը եւ խօսքին հնչեղութիւնը զգալի եւ ուսանելի են ցայսօր:
Ոչ թէ հռետորական, այլ ներսէն եկող սիրով մը այսօր հաւաքուած ենք հայատրոփ Պոլսոյ սրտի մէկ արիւնատար երակին շուրջ: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այո աւելի քան որեւէ ատեն այսօր, որպէս արիւնատար երակ կը գործէ ու շնորհակալ եւ երախտապարտ պիտի ըլլանք բոլոր անոնց, որ յանուն մեծ նուիրումներու այսօր անկասելի կը պահեն թերթի հարիւրամեայ ճանապարհորդութեան ընթացքը:
Տարիները չեն, ամեկաները չեն միայն, որ կրնան պսակել տուեալ գործի մը յաջողութիւնը: Աւելի՛ն, շողշողուն բառերը եւ փայլուն ածականները չեն , որ պիտի պահպանեն հաւատքի լաստին վրայ դրուած այս լուսատու կայմին անխափան երթը:
Փոթորիկներ, տարաժամեր, մահ, աւեր, գաղթ եւ արեւմտահայոց կեանքի ամենէն ծանր փուլերուն մէջ անգամ թերթը կը գոյատեւէր: Այդ մաքառումը միայն մամուլի ուսերուն եղած առաքելութեան պատուհանէն չէր, որ պիտի ծլէր ու ծլարձակէր այլ հաւաքական գործի նուաճումներուն հաւատացող այս յարկին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարկին յաջողութիւնը:
Տարիներուն բերած փոփոխութիւններուն եւ մեծ շրջումներու առագաստներուն վրայ, թերթը նշելէ ետք իր հարիւրամեայ երթին յոբելեանը ու հաւատալով առաւելաբար հայ հասարակութեան նոր իմաստալից խօսք մը հաղորդելու պարտաւորութեան՝ հրապարակ կը հանէր երեք հատորներ, որոնք կը տպագրուէին «Ժամանակ-100 տարի» խորագրեալ մատենաշարի մը ընդհանուր խորագրին տակ: Այսպէս լոյս կը տեսնէին թերթի հիմնադիրներէն Միսաք Գոչունեանի գրական ծածկանունով՝ (Քասիմ), Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի եւ Ռուբէն Զարդարեանի հերթաբար «Օրուան Մտածումներ» «Փոքր Ասիոյ Մէջէն» եւ «Յօդուածներ» խորագրեալ հատորները: Հրապարակուած հատորներու աշխատասիրութեան կարեւոր պարտականաութիւնը կը ստանձնէր թերթի խմբագիրներէն՝ Սեւան Տէյիրմենճեան եւ երեք հատորներուն նախաբանները գրելու պարտականութիւնը կը ստանձնէին՝ Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան:
Հաւաքական կամքով ու մանաւանդ ոգիով եղած այս հրատարակչական գործունէութիւնը կը յատկանշուէր Պոլիս-Հայկական Սփիւռք բացուած յոյսի պատուհանի մը:
Պատուհան, որ մեզի պիտի տար հաւատալու եւ մտածելու նոր ճանապարհներու մասին:
Այսօր ամբողջ սփիւռքը ուշադիր աչքերով կը հետեւի Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող տարբեր որակի բարեփոխումներուն: Աւելի՛ն, մանաւանդ Սփիւռքը ծանօթ չէ Պոլիսը եւ հակառակը: Ժխտական աչքերով խնդիրներուն նայող յոռետեսներուն համար Պոլիսը անհասկնալի վայր է (մեղմ ասած): Բայց վստահ ենք, որ այս հողակտորին վրայ եղած դանդաղ, բայց յարաճուն քայլերը պիտի բանան նոր հանգրուաններ:
Այս պարունակին մէջէն պէտք է նայիլ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի այս նախաձեռնութեան եւ եթէ հայկական աշխարհին, արեւմտահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային թագին ադամանդը հանդիսացող այս եզերքը այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ պիտի ունենայ իր վաւերական ձայնը, ապա բոլորս պարտաւոր ենք բռնել անոր դիերէն եւ իւրաքանչիւրս նոր առագաստ մը բանալ գալիք ժամանակներուն համար:
Յարգելի ներկաներ,
Նոյն Զարդարեան կը խօսէր անապատացման վտանգին մասին: Կղզիացման ահին, դատարկութեան, կտրուածութեան եւ լքուածութեան մասին: Այսօր հայութեան մարմինը կարիքն ունի նոր եռանդի մը, որ նոր արիւն պիտի բերէ մեր ամենէն լքուած ու անտեսուած բջիջներուն:
Հայութիւնն ի վերջոյ պոռոտախօսութեան պատուհաններէն արձակուած ամպագորգոռ ճարերով չէ, որ պիտի նաւարկէ, այլ շատ պարզ ու մնայուն գործերով, որոնց ամենէն յատկանշականը այս հրատարկութիւններն են:
Պիտի հաւատանք այդ կայմին, որուն համար մեր պարտադրեալ հեռացումը եւ աքսորեալի կեանքը աւարտ մը պիտի ունենայ: Այդ վերադարձը պիտի ըլլայ առանց քանդումներու կամ հիմքերը շարժելու: Հաւատքով ու ապագայի լոյսին բացուած մեծ սրտերով: