ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի հրա­ժա­րա­կա­նով ար­տա­սո­վոր վի­ճակ մը ստեղ­ծուած է հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը կը բնո­րո­շուի այս խնդի­րով։ Հրա­ժա­րա­կա­նին զու­գա­հեռ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը լու­ծում մը կը փնտռեն թէ՛ առ­կայ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման եւ թէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ ո­րո­նում­նե­րու ձեռ­նար­կած են պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ գոր­ծըն­թա­ցին վերս­տին թափ տա­լու հա­մար։ Փո­թոր­կա­լից շրջան մը սկսած է մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ եւ այդ հան­գա­ման­քը ա­ռա­ւել չա­փով պայ­մա­նա­ւո­րուած է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի կող­մէ հա­մայն­քի բո­լոր խա­ւե­րուն ու շրջա­նակ­նե­րուն հաս­ցէագ­րուած մե­ղադ­րանք­նե­րով։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ժո­ղո­վուր­դը ընդ­հան­րա­պէս պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ կը հե­տե­ւի այս վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, իսկ վար­չա­կան շրջա­նակ­նե­րը հա­կուած են այդ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը ձե­ւով մը վե­րա­ծել բա­րի­քի մը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ընդ­հա­նուր հա­կու­մը այդ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րէն օ­գուտ քա­ղե­լու ուղ­ղուած է եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը հրա­ժա­րա­կա­նին յա­ջոր­դած ներ­կայ փու­լին սպա­սո­ղա­կան վի­ճա­կի մէջ են։ Վա­ղը, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Գում­գա­բուի մէջ, Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս նա­խա­տե­սուած է լայ­նա­խա­րիսխ ու կա­րե­ւոր ժո­ղով մը։ Հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վա­րիչ­նե­րուն ա­ռըն­թեր այս խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն նախ­կին վար­չա­յին­ներ, բա­րե­րար­ներ եւ այլ ազ­դու դէմ­քեր, ո­րոնք միտք միտ­քի պի­տի տան առ­կայ դժուա­րին կա­ցու­թեան յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Վա­ղուան այս կա­րե­ւոր հա­ւա­քին ըն­դա­ռաջ շօ­շա­փե­ցինք հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն շարք մը ա­նուն­նե­րու կար­ծի­քը եւ այդ բո­լո­րը կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։

ՊԵՏ­ՐՈՍ ՇԻ­ՐԻ­ՆՕՂ­ԼՈՒ (Բա­րե­րար, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան եւ VADİP-ի ա­տե­նա­պետ).- Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը տե­ւա­բար կ՚եր­կա­րի։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ին­ծի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին խոս­տա­ցաւ մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէէն վերջ հե­տաքրք­րուիլ այս հար­ցի լու­ծու­մով։ Բայց եւ այն­պէս, պէտք է ըն­դու­նինք, որ մենք ալ կը թե­րա­նանք մե­զի վի­ճա­կած նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։ Օ­րի­նակ՝ տա­կա­ւին ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րը պատ­շաճ ձե­ւով չենք պատ­րաս­տած։ Ես հա­մո­զուած եմ, որ նա­խա­գա­հը պի­տի յար­գէ իր խոս­տու­մը եւ պի­տի հե­տաքրք­րուի այս հար­ցով։ Ներ­կայ փու­լին չենք տի­րա­պե­տեր Պատ­րիար­քա­րա­նէ ներս ապ­րուած­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թեան։ Բնա­կա­նա­բար, Սա­հակ Սրբա­զա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը անս­պա­սե­լի էր։ Հա­մո­զուած եմ, որ ին­քը պէտք չէ հրա­ժա­րէր ու մա­նա­ւանդ այդ խօս­քե­րը պէտք չէ ը­սէր։ Ա­պա­գա­յին ին­քը պի­տի աշ­խա­տի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու այ­սօրուան ան­դամ­նե­րուն հետ։ Հե­տե­ւա­բար, իր ա­պա­գայ գոր­ծա­կից­նե­րը պէտք չէ վի­րա­ւո­րէր։ Այ­սօր, երբ տա­կա­ւին ընտ­րու­թեան պա­հը չէ հա­սած, ան լքած է աս­պա­րէ­զը եւ այս ե­րե­ւոյ­թը կը յա­ռա­ջաց­նէ հար­ցա­կան­ներ։ Այդ խօս­քե­րը յա­րիր չէին կրօ­նա­ւո­րի մը։ Ես ե­րէկ հա­մայն­քէն ներս ստեղ­ծուած վի­ճա­կին շուրջ հե­ռա­ձայ­նով կարճ խորհըր-դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցայ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Ա­րամ Սրբա­զա­նին հետ։ Ինքն ալ ցաւ կ՚ապ­րի այս բո­լո­րին հա­մար։ Վա­ղը, Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ժո­ղով մը, տես­նենք ար­դիւն­քը ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ։

Կ՚ու­զեմ ը­սել, որ պէտք չէ հրահ­րուին գոր­ծե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք հու­նէ դուրս չգան։ Իմ դի­տար­կու­մով, Սա­հակ Սրբա­զան կ՚օգ­տա­գոր­ծուի Տ. Սե­պուհ Եպսկ. Չուլ­ճեա­նի հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ։

ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ Է­ՊԷՕՂ­ԼՈՒ (Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ).- Այ­սօր բո­լո­րը կը մտա­ծեն, որ ե­թէ անհ­րա­ժեշտ տնօ­րի­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուէին, ա­պա խնդիր­նե­րը այս վի­ճա­կին պի­տի հաս­նէի՞ն։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը պէտք է վե­րա­կեն­դա­նա­նայ, որ­պէս­զի այս խնդիր­նե­րը կար­գա­ւորուին։ Ո՛վ ու­զէ թող ան ընտ­րուի պատ­րիարք, այդ­քան ալ կա­րե­ւոր չէ։

ԹՈ­ՐՈՍ ԱԼ­ՃԱՆ (Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ).- Այ­սօր ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ հա­մայն­քի բո­լոր խա­ւե­րը շփման մէջ են ի­րա­րու հետ։ Ար­դէն մեծ ժո­ղով մը նա­խա­տե­սուած է։ Ա­ւե­լի վերջ, ստեղ­ծուե­լիք մթնո­լոր­տին հի­ման վրայ պի­տի ձե­ւա­ւո­րուի ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս մը։ Իմ մօ­տե­ցու­մով, վերջ­նա­կան կար­ծիք մը կազ­մե­լու հա­մար ա­ւե­լի նպա­տա­կա­յար­մար է այդ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին սպա­սե­լը։

Ա­ՐԷՏ ԵՐ­ԿԱ­ՆԵԱՆ (Բա­րե­րար, Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան նախ­կին փոխ-ա­տե­նա­պետ).- Նախ եւ ա­ռաջ հա­մայն­քին մէջ պէտք է ըլ­լայ հա­մե­րաշ­խու­թիւն։ Այս­պի­սի պա­րա­գա­նե­րով ժո­ղո­վուր­դը կը խան­գա­րուի։ Հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ի­րա­րու մի­ջեւ պէտք է լու­ծում գտնեն ի­րենց առ­կայ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, ան­շուշտ ժո­ղո­վուր­դին հետ խորհր­դակ­ցա­բար։ Ես հա­ւատք կը տա­ծեմ հե­տե­ւեալ սկզբուն­քին նկատ­մամբ. Ու­րախ ե­ղած ա­տենդ մար­դու բան մի՛ խոս­տա­նար, իսկ բար­կու­թեան ա­տեն մի­ջոց մը մի՛ խօ­սիր։ Ես ե­րէկ խօ­սե­ցայ Սա­հակ Սրբա­զա­նին հետ։ Լաւ տպա­ւո­րուած եմ, այդ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը ին­ծի յոյս ներշն­չեց։ Մեծ պա­հոց շրջա­նի նուի­րա­կան օ­րե­րը կը գտնուին մեր առ­ջեւ։ Ո՞ւր պի­տի եր­թայ Սա­հակ Սրբա­զա­նը։ Ես հա­մո­զուած եմ, որ պի­տի հան­դար­տի։ Իր ո­ճէն զգա­ցի այդ բա­նը։

Վա­ղուան ժո­ղո­վին ար­դիւնքն ալ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Դժբախ­տա­բար, հա­մայն­քէն ներս կարգ մը ան­ձեր կամ շրջա­նակ­ներ կը փոր­ձեն օգ­տուիլ ո­րոշ ե­րե­ւոյթ­նե­րէ կամ կարգ մը խնդիր­նե­րէ։ Նման ե­րե­ւոյթ­նե­րը վնաս կը պատ­ճա­ռեն նոյ­նինքն հա­մայն­քին։

ԷՖ­ՐԻՄ ՊԱՂ (Բա­րե­րար, Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի նախ­կին ա­տե­նա­պետ).- Ան­բաղ­ձա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ կ՚ապ­րուին դժբախ­տա­բար։ Հա­մայն­քը ա­նել վի­ճա­կի մատ­նուած է։ Ես չզար­մա­ցայ Սա­հակ Սրբա­զա­նին հրա­ժա­րա­կա­նով։ Այ­լեւս այս­պի­սի ա­ռատ­րոց ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նոն դար­ձած են մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։ Ձե­ւով մը հա­մայն­քի կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի նոյ­նու­թեամբ։ Ո­չինչ կը փո­խուի։ Հո­գե­ւո­րա­կան կամ աշ­խար­հա­կան, մե­ծա­գոյն հար­ցը կը հան­դի­սա­նան ա­նոնք, ո­րոնք կը գտնուին մեր գլու­խը։ Պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան զգա­ցու­մը շատ տկա­րա­ցած է։ Կա­րե­լի չէ նաեւ մե­ղա­ւոր մը գտնել, ո­րով­հե­տեւ կան բազ­մա­թիւ մե­ղա­ւոր­ներ։ Հա­մայն­քը ցի­րու­ցան է։ Մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու զգա­ցու­մը տկա­րա­ցած է։ Մար­դիկ շատ ա­ւե­լի փոքր միու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լով կը փոր­ձեն կազ­մա­կեր­պուիլ, այս­պէ­սով կը փնտռեն զօ­րակ­ցու­թիւն, կամ կը ջա­նան ստեղ­ծել զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լորտ մը, սա­կայն այդ ալ կը մնայ ա­պար­դիւն։ Հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը ի­րա­րու նկատ­մամբ հա­ւատ­քը կորսն­ցու­ցած են։ Սա­հակ Սրբա­զա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը շատ բան չի փո­խեր։ Ան շատ լաւ անձ մըն է, սա­կայն ի՞նչ ը­րաւ այդ դիր­քին վրայ գտնուած ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին։ Մեր իւ­րա­քան­չիւր հաս­տա­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան գլու­խը գտնուող ան­ձը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր այն­պէս մը կը վա­րուի, որ կար­ծես տուեալ հաս­տա­տու­թիւ­նը իր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը ե­ղած ըլ­լար։ Նմա­նօ­րի­նակ ե­րե­ւոյթ­նե­րը մէկ հատ չեն։ Հե­տե­ւա­բար, շատ դժուար ժա­մա­նա­կաշր­ջան մըն է մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։

ՄԱ­ՆՈՒԿ ԷՕ­ՂԷՐ (Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ).- Ա­ռանց Պատ­րիար­քա­րա­նի ար­ձա­գան­գը տես­նե­լու պէտք չէ ա­ճա­պա­րել Սա­հակ Սրբա­զա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը մեկ­նա­բա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ան­շուշտ, տհաճ ե­րե­ւոյ­թի մը դէմ յան­դի­ման մնա­ցինք։ VADİP-ի ձե­ւա­չա­փին մէջ վա­ղը խնդի­րը պի­տի քննար­կուի լայ­նա­խա­րիսխ ձե­ւով։ Սպա­սենք ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին։ Կրօ­նա­ւոր­նե­րը կշիռ մը ու­նին մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։ Սա­հակ Սրբա­զան տա­քա­րիւն ո­րո­շում մը ա­ռած է։ Ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը ո­ղող-ւած են այդ բո­լո­րով։ Ճիշ­դը ը­սե­լու հա­մար՝ պէտք չկար այս­քա­նին։ Խնդիր­նե­րը պէտք չէ ըն­կա­լուին միա­կող­մա­նի ձե­ւով։ Մնա­ցեալ դե­րա­կա­տար­նե­րուն ալ տե­սա­կէտ­նե­րը պէտք է շօ­շա­փուին։ Սրբա­զա­նի մը անձ­նա­կան փա­փա­քով ինչ­պէ՞ս հա­շիւ պի­տի պա­հան­ջուի ու­րիշ սրբա­զա­նէ մը։ Սա նուրբ կէտ մըն է։ Վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մը պէտք է տրուի՝ հա­շուի առ­նե­լով մեր հա­սա­րա­կու­թեան ընդ­հա­նուր սպա­սում­ներն ու թե­քու­մը։

ՄԵ­ՍՈՒՏ ԷՕԶ­ՏԵ­ՄԻՐ (Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ).- Շատ կը ցա­ւիմ։ Դժուար վի­ճա­կի մը դէմ յան­դի­ման մնա­ցած ենք ու պէտք է յստա­կեց­նենք դիր­քո­րո­շում մը։ Սա­հակ Սրբա­զա­նի նման հո­գե­ւո­րա­կան մը դիւ­րին չի հաս­նիր։ Մե­զի՝ վար­չա­յին­նե­րուս ալ ուղ­ղեալ քննա­դա­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ։ Հե­տե­ւա­բար, մենք ալ պար­տա­ւո­րուած ենք մեր դիր­քո­րո­շու­մը վերջ­նա­կա­նօ­րէն յստա­կեց­նե­լու։ Հա­մայն­քէն ներս, հա­մայն­քի հա­մար ո­րո­շում­նե­րու ըն­դուն­ման փու­լին մեր կար­ծիքն ալ պէտք է շօ­շա­փուի։ Հա­մո­զուած եմ, որ վայր­կեան ա­ռաջ պէտք է ձեռ­նար­կել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան։ Այ­լեւս պէտք չէ լուռ մնանք ու չենք կրնար մնալ։ VADİP-ի յա­ռա­ջի­կայ ժո­ղո­վէն վերջ ա­մէն ինչ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի պի­տի յստա­կե­նայ։ Պէտք է առ­նենք հա­սա­րա­կաց քայլ մը, որ պի­տի ստեղ­ծէ անհ­րա­ժեշտ ար­ձա­գան­գը։ Ա­ռան­ձինն, ան­հա­տա­պէս պէտք չէ վա­րուինք։ Պէտք է ի­րա­րու կար­ծի­քը շօ­շա­փենք եւ ի­րա­րու հետ պէտք է խորհր­դակ­ցինք։ Պէտք չէ կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րով յա­ռաջ ըն­թա­նանք։ Իւ­րա­քան­չիւրս մեր ան­կիւ­նը պաշ­տօն մը կը կա­տա­րենք, ծա­ռա­յու­թիւն մը կը մա­տու­ցենք։ Կա­րե­ւոր է, որ ո­րո­շում­նե­րու կա­յաց­ման փու­լին մեր բո­լո­րին կար­ծի­քը շօ­շա­փուի։ Հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քի կամք մը պէտք է ձե­ւա­ւո­րուի։ Սա­կայն այս բո­լո­րը դժբախ­տա­բար չկան։ Փակ դռնե­րու ե­տին ո­րո­շում­ներ կ՚առ­նուին, յե­տոյ ալ կը ծա­գին նման պոռթ­կում­ներ։

Ես կողմ­նա­կից չեմ, որ Սա­հակ Սրբա­զան լքէ մեր քա­ղա­քը։ Սա տհաճ է։ Այ­սօր մեր հա­մայն­քը մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րու մէջ է ու թո­ղուլ-եր­թա­լը ա­մե­նա­դիւ­րին ճա­նա­պարհն է։ Սա­հակ Սրբա­զա­նի քայ­լը, ըստ իս, պատ­րիար­քու­թեան թեկ­նա­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ հարց մը չէ։ Կա­րե­ւո­րը այն է, որ հա­մայն­քի հա­սա­րա­կաց կամ­քը վե­րա­հաս­տա­տուի։

ՀԱ­ՊԻՊ ԷՕԶ­ՖՈՒ­ՐՈՒՆ­ՃՈՒ (Ե­շիլ­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ).- Մեր հա­մայն­քի եր­կու սրբա­զան­նե­րուն մի­ջեւ ծա­գե­ցաւ հարց մը։ Սա բնա­կա­նա­բար հա­ճե­լի ե­րե­ւոյթ մը չէ։ Ես հա­կուած եմ հե­տե­ւիլ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան եւ ըստ այդմ վերջ­նա­կան կար­ծիք մը կազ­մել։ VADİP-ի յա­ջորդ ժո­ղովն ալ պի­տի ու­նե­նայ լուրջ նշա­նա­կու­թիւն։ Հե­տե­ւա­բար, պէտք է քիչ մը սպա­սենք եւ զար­գա­ցում­նե­րուն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը տես­նենք վերջ­նա­կան բան մը ը­սե­լու հա­մար։

ՀՐԱՆԴ ՄՈՍ­ԿՈ­ՖԵԱՆ (Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ).- Սա­հակ Սրբա­զա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը ցա­ւա­լի ե­րե­ւոյթ մըն է։ Պէտք է ա­պա­հո­վել, որ հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար մը գտնուի եւ հա­մայնքն ալ ըստ այդմ պէտք է շար­ժի։ Կ՚ապ­րինք դժուար ժա­մա­նակ­ներ։ Պէտք է խա­ղաղ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծել ու պէտք է այ­լընտ­րանք­ներ յղա­նալ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Սա­հակ Սրբա­զան պէտք է մտա­ծէ ա­ւե­լի հան­դարտ, սա­կայն չեմ գի­տեր, որ այս բա­նը ինչ­պէ՞ս կրնայ ըլ­լալ յա­ռա­ջի­կայ փու­լին։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կել կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ըստ հա­մայն­քի ըն­թաց­քին։ Ան­շուշտ, որ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը պէտք է վե­րա­կեն­դա­նա­նայ, աշ­խա­տանք­նե­րը պէտք է վերս­տին թափ ստա­նան։ Մեր սրբա­զան­նե­րը պէտք չէ խզեն ի­րենց երկ­խօ­սու­թիւ­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին նկատ­մամբ յար­գան­քի դոյզն իսկ թե­րա­ցում մը պէտք չէ ըլ­լայ։ Բո­լորս պէտք է ըլ­լանք գի­տա­կից ու պէտք է ա­ռաջ­նոր­դուինք զգայ­նու­թեամբ՝ յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար այս փոր­ձու­թիւ­նը։

ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ՇԱՆ­ԼԸ (VADİP-ի դի­ւա­նի ա­տե­նադ­պիր եւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ).- Ցայ­սօր այն­պէս վա­րուե­ցանք, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին դէմ ո­րե­ւէ ա­նար­գանք տե­ղի չու­նե­նայ։ Միշտ գե­րա­դա­սե­ցինք Ա­թո­ռին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը եւ այս բա­նը բա­ցա­յայ­տօ­րէն յայտ­նե­ցինք նաեւ Ա­րամ Սրբա­զա­նին։ Բայց եւ այն­պէս, Ա­րամ Սրբա­զա­նին միշտ ը­սինք նաեւ, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը պէտք չէ ղե­կա­վա­րուի փո­խա­նոր­դա­բար։ Նոր գա­հա­կա­լի մը կա­րի­քը ակն­յայտ է։ Ա­րամ Սրբա­զան մե­զի միշտ վստա­հե­ցուց, որ անհ­րա­ժեշտ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, դի­մում­նե­րը պի­տի կա­տա­րէ։ Մենք ալ համ­բե­րե­ցինք բա­րեա­ցա­կա­մու­թեամբ։

Որ­պէս կրօ­նա­ւոր Սա­հակ Սրբա­զա­նի ներ­կայ պոռթ­կու­մը խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց իմ վրաս։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, փակ դռնե­րու ե­տին առ­նուած քայ­լերն ու ո­րո­շում­նե­րը խո­տոր կը հա­մե­մա­տին մե­զի տրուած խոս­տում­նե­րուն հետ։ Ներ­կայ տա­րուան դրու­թեամբ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ դի­մում պի­տի կա­տա­րուէր պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար։ Հի­մա ան­կեղ­ծու­թեան փոր­ձա­քա­րի մը դէմ յան­դի­ման մնա­ցած ենք։ Թա­փան­ցի­կու­թիւն կը պա­հան­ջենք։ Ա­րամ Սրբա­զան կ՚ը­սէ, որ ընտ­րու­թեան պի­տի չձեռ­նար­կէ, իսկ մենք կ՚աշ­խա­տինք ընտ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Տես­նենք, ո՞ւր պի­տի հաս­նինք։ Մենք թոյլ չենք տար, որ մեզ չա­րա­շա­հեն։ Առ­կայ ըն­թաց­քով դժուար է տե­ւա­կա­նաց­նել յար­գան­քը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին նկատ­մամբ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017