ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տեառնընդառաջի արարողութիւններուն, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ներկայ էին մեր հոգեւորականաց դասէն բազում անդամներ։ Երգեցողութիւնները ղեկավարեց Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի շիրիմին վրայ, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ գետնայարկին։

Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ սիրոյ սեղանով մը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները։

Այս բոլորէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Կեդրոնական վարժարան, ուր սրահին մէջ մէկտեղուեցաւ աշակերտութեան հետ։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու։ Սաներուն առընթեր Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը զրուցեց նաեւ կրթական մշակներու հետ, որոնց հետ ունեցաւ կարծիքի փոխանակումներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 15, 2022