ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս իսկական զօրաշարժ մը սկսած է՝ երկրաշարժէն տուժած աղէտեալներու կարիքներուն հնարաւորինս հասնելու համար։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շրջանին ամբողջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ աղէտեալներուն վերաբերեալ խնդիրները՝ հաշուի առնելով բոլոր մանրամասնութիւնները։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի մէջ գրեթէ ամբողջ աշխատանքային օր մը յատկացուց՝ երկրաշարժին յաջորդած ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած բարդութիւնները քննարկելու եւ յաղթահարման գործնական ուղիներ որոնելու նպատակին։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ, Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին ընդլայնուած կազմով ժողովը։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները, որոնք միասնաբար աչքէ անցուցին ցարդ առնուած որոշումներու կատարման ընթացքը, նաեւ ապագայ հաւանական քայլերը։ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը՝ մեր բազմաթիւ թաղերու աղքատախնամ մարմիններուն հետ համագործակցութեամբ, այս շրջանին կ՚առնէ հրատապ իրավիճակին համարժէք կարեւոր քայլեր։
Բաց աստի, այս ժողովին նախագահելէ վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ աղէտի գօտիէն քաղաքս եկած՝ շուրջ 90 հոգիէ բաղկացեալ աղէտեալներու խումբի մը հետ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախ տեղի ունեցաւ աղօթք մը, որու աւարտին բոլոր աղէտեալները համախմբուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մի առ մի լսեց անոնց կարիքները եւ առկայ խնդիրներու դիմագրաւման ճանապարհին տեղի ունեցան կարծիքի բազմակողմանի փոխանակումներ։ Հարկ է նշել, որ այս հանդիպման ներկայ էր նաեւ գաւառներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Բաց աստի, խորհրդակցութիւններուն մասնակցութիւն բերաւ Յունաց Պատրիարքարանի հոգեւորականաց դասէն Հայր Տիմիթրի Մայօղլու, որ եւս իր տպաւորութիւնները եւ գաղափարները բաժնեց՝ ըլլալով աղէտի գօտիէն ներս սպասարկող ուղղափառ հոգեւորական մը։ Ծանօթ է, որ թրքահայ համայնքին կողմէ աղէտի գօտի ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն մէջ համակարգուած ձեւով բաժին կ՚ունենայ նաեւ յոյն համայնքը։
Երէկուան ծաւալուն խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ ուրուագծուեցաւ այն ճանապարհային քարտէսը, որ յառաջիկայ շրջանին փուլ առ փուլ կեանքի պիտի կոչուի՝ աղէտեալներու առկայ ծով կարիքները հնարաւորինս աստիճանաբար դիմագրաւելու համար։