ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ գետնայարկի մատրան մէջ ոգեկոչուեցաւ երջանկայիշատակ Կոլոտ Պատրիարքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիսապետեց հոգեհանգստեան պաշտօնին, որու ընթացքին երանութեամբ ոգեկոչուեցաւ հոգելոյս պատրիարքը, որ Աթոռի երկրորդ հիմնադիրը կը համարուի։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալները։ Ճաշասեղաններու շուրջ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Բոլորը Մեծ պահոց շրջանի սկիզբին ընդառաջ իրենց մտահոգութիւնները բաժնեցին երկրաշարժի աղէտին հետեւանքով ստեղծուած ծանր կացութեան կապակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2023