ՋԵՐՄ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գեր­մա­նա­հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ այց մը տուաւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նին։ Այս վեր­ջի­նը իր գրա­սե­նեա­կին մէջ ջեր­մօ­րէն հիւ­րըն­կա­լեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։ Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ծա­ւա­լած աշ­խա­տան­քին շուրջ։ Ան Թո­րոս Ալ­ճա­նին փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017