ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ

Թրքա­հա­յու­թեան ար­դի տա­րեգ­րու­թեանց տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր օր մըն է այ­սօր։ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան ար­դի պատ­մու­թեան տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւ­նով մը կը բնո­րո­շուի այս օ­րը։ Ինչ­պէս ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս հա­ղոր­դուած է, յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց դա­սու հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը։ Օ­րա­կար­գի վրայ է տե­ղա­պա­հի մը ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի շուրջ ե­րեք տաս­նեակ հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր­նե­րը ժո­ղով մը կը գու­մա­րեն՝ ընտ­րե­լու հա­մար տե­ղա­պահ մը։ Մեծ պա­հոց նուի­րա­կան օ­րե­րուն կը զու­գա­դի­պի այս ժո­ղո­վը, որ ու­նի ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին նշա­նա­կու­թիւն։ Շուրջ ինն տա­րիէ ի վեր գործ­նա­կա­նօ­րէն թա­փուր է Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը։ Վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ պաշ­տօ­նա­կա­նա­ցուած է այդ հան­գա­ման­քը՝ Տ. Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նի հանգս­տեան կո­չուե­լով։ Ինն տա­րի­նե­րու այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ա­լե­կո­ծում­նե­րու ա­լիք­նե­րով բնո­րո­շուե­ցաւ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը նոր ու ար­ժա­նա­ւոր գա­հա­կա­լով մը օժ­տե­լու ո­րո­նում­նե­րը միշտ զբա­ղե­ցու­ցին մեր հա­ւա­քա­կան օ­րա­կար­գը՝ ա­տեն-ա­տեն դժբախ­տա­բար ե­լեկտ­րա­կա­նա­ցեալ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Այս ինն տա­րի­նե­րու հա­շուե­յար­դա­րը՝ պարզ է, որ հա­ւա­քա­կան ձա­խո­ղու­մի մը նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նի մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ, սա­կայն ներ­կա­յիս ար­դէն հա­ւա­քա­բար թօ­թա­փուե­լու փու­լը հա­սած ըլ­լալ կը թուի։ Տե­ղա­պա­հի պաշ­տօ­նի կո­չուի­լը պի­տի նշա­նա­կէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին սկիզ­բը։ Հե­տե­ւա­բար, ե­թէ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան փու­լը ար­դա­րու­թեամբ, պա­տուով ու բաց ճա­կա­տով յաղ­թա­հա­րուի, ա­պա մեր հա­մայն­քին առ­ջեւ պի­տի ու­րուագ­ծուի նոր պատ­րիար­քի մը շուրջ հա­մախմ­բուե­լու հե­ռան­կա­րը։ Բնա­կա­նա­բար տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան զու­գա­հեռ նա­խա­տե­սուած ըն­թա­ցա­կար­գը պի­տի ու­նե­նայ այլ կա­րե­ւոր փու­լեր եւս. ինչ­պէս՝ նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նի ընտ­րու­թիւն, պե­տու­թեան մօտ դի­մում եւ այլն։ Յա­մե­նայն­դէպս, ա­մե­նա­խորհր­դան­շա­կա­նը տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւնն է։ Ար­դա­րեւ, տե­ղա­պա­հի մը գո­յու­թիւ­նը ինք­նա­բե­րա­բար կը նշա­նա­կէ մի­ջան­կեալ շրջան մը։ Տե­ղա­պա­հի մը գո­յու­թիւ­նը միշտ ալ ժա­մա­նա­կա­ւոր կը հա­մա­րուի։ Մնաց, որ տե­ղա­պա­հի մը հիմ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի փու­թով կազ­մա­կեր­պել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն մը եւ ա­սան յանձ­նել նոր գա­հա­կա­լին։

Ինչ­պէս ար­դէն յայտ­նի է, Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Տե­սա­կա­նօ­րէն մեր այս ե­րեք սրբա­զան­նե­րը ան­խու­սա­փե­լի թեկ­նա­ծու­ներ են տե­ղա­պահ դառ­նա­լու հա­մար։ Բայց եւ այն­պէս, ար­դէն ծա­նօթ է, թէ գործ­նա­կա­նօ­րէն կայ եր­կու թեկ­նա­ծու։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան թեկ­նա­ծու­թե­նէ կը հրա­ժա­րի ի նպաստ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի։ Այ­սինքն, տե­ղա­պահ ընտ­րե­լու հա­մար մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը պի­տի ու­նե­նան եր­կու հիմ­նա­կան թեկ­նա­ծու։ Կա՛մ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ կամ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան պի­տի ստանձ­նեն այդ պաշ­տօ­նը։

Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը նա­խա­տե­սուած է ժա­մը 15.00-ին։ Մեր ե­րեք սրբա­զան­ներն ալ, բնա­կա­նա­բար, ներ­կայ կը գտնուին հա­մա­գու­մա­րին։ Ժո­ղո­վի բաց­ման կը կազ­մուի դի­ւան մը եւ այս­պէ­սով ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը կը ձեռ­նար­կեն բուն աշ­խա­տան­քին։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի այ­սօ­րուան ժո­ղո­վին Եր­կու­շաբ­թի նա­խոր­դեց Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի նիս­տը, ո­րու ա­ւար­տին հրա­պա­րա­կուե­ցաւ նաեւ այ­սօ­րուան ժո­ղո­վին պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյ­ցը։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017