ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, երէկ յետմիջօրէին այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Անոնք սրբազան հայրը տեղեակ պահեցին, թէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանէն հրաւէր ստացած են, որպէսզի Ս. Զատկի տօնին առթիւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեն ըստ հին տոմարի՝ Ս. Տեղեաց մէջ։ Հիւրերը այս առթիւ խնդրեցին նորին սրբազնութեան արտօնութիւնը։ Յայտնեցին նաեւ, թէ ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենար Ապրիլ 5-9 թուականներուն միջեւ։ Սահակեան երգչախումբի անդամները փոխանցեցին դպրաց դասու գործունէութեանց եւ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ։

 Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ տուաւ իր օրհնութիւնը՝ մաղթելով յաջողութիւն սոյն ուխտագնացութեան առթիւ։

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018