ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կը շարունակեն կայուն թափով յաջողութիւններ արձանագրել ճատրակի ճիւղին մէջ։ Ֆէրիգիւղցիները վերջերս ախոյենութեան հասան՝ Շիշլիի կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի մը ընթացքին։ 10-11 Մարտ թուականներուն, «Սաիտ Չիֆթճի» նախակրթարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս միջվարժարանային մրցաշարքը։ Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը նուաճեց ախոյենութիւնը՝ չորրորդ դասարաններու խմբաւորման մէջ։ Վարժարանի երկրորդ եւ առաջին դասարանի տղաքն ալ դափնեկիրներու շարքին մաս կազմեցին իրենց դասաւորումներէն ներս՝ հանդիսանալով երկրորդ։

Նոյն մրցաշարքին ժամանակ, անհատական գետնի վրայ եւս Մէրամէթճեան վարժարանի սաները ունեցան նուաճումներ։ Այսպէս, Լիանա Սիւրմէեան հանդիսացաւ առաջին, Տիգրան Էօզպիւլպիւլ հանդիսացաւ առաջին, իսկ Աղասի Միսիսեան հանդիսացաւ երրորդ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Մէրամէթճեան վարժարանի յաջող սաները եւ կը մաղթենք նորանոր ձեռքբերումներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018