ԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

Յատուկ խնամքի եւ մասնագիտական վերաբերմունքի կարօտ երեխաներու կրթադաստիարակչական կարիքներու դիմագրաւումը հետզհետէ աւելի առաջնահերթ կը դառնայ հասարակական կեանքէ ներս։ Գիտութեան զարգացման առընթեր, համապատասխան զգայնութիւնը կը տարածուի եւ մտայնութեան նոր դրսեւորումներով բազում նախաձեռնութիւններ կը կատարուին աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ։ Թուրքիան ալ անանտեսելի փորձառութիւն մը ունի այս ամբողջէն ներս։ Օթիզմը լուրջ մարտահրաւէր մըն է եւ բոլոր հարթութիւններու վրայ ջանքեր կը գործադրուին, որպէսզի անոր ճիրաններուն մէջ ինկած մարդիկ կարողանան ներգրաւուիլ հասարակական կեանքին։ Վաղ տարիքէ սկսեալ գիտական մեթոտներով գործադրուած ջանքերը այս ուղղութեամբ միշտ դրական արդիւնքներ կու տան եւ հասարակութիւնը կրնայ շահիլ ենթակաները։

Թուրքիոյ մէջ այս տեսակէտէ յաջող օրինակներէն մին կը հանդիսանայ «Տէյէր» օթիզմի միութիւնը, որ 2014 թուականին ստեղծուած է։ Հիմնադիրն է Հաթիճէ Շուլէ Կէօքըրմաք, որու նախագահութեան ներքեւ այդ միութիւնը Գարթալի մէջ ծնունդ տուած է «Թաշ էվ» կեդրոնին։ Հիմնադիրը մայրն է երկու դուստրերու՝ Տիլայի եւ Սերրայի, որոնք դժբախտաբար կը տառապին օթիզմէ։ Այս միութիւնը գոյատեւումը, լինելութիւնը պայմանաւորած է հաշմանդամ կամ օթիստիք անհատներու հարցերուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու նպատակով։ Գարթալի «Թաշ էվ»ը դրական արդիւնքներ կ՚արձանագրէ՝ բազմակողմանի ծառայութիւն մատուցելով աւելի քան երկու տասնեակ երեխաներու։

Կը տեղեկանանք, որ վերջին օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելեց «Թաշ էվ»ը։ Նորին սրբազնութիւնը դէպի Աղթամար կազմակերպուած տակաւին առաջին ուխտագնացութիւններու շրջանէն ծանօթութիւն ունէր Հաթիճէ Շուլէ Կէօքըրմաքի հետ։ Ուխտագնացութիւններու համար ծաւալուած համագործակցութեան զուգահեռ՝ այդ յարաբերութիւնը շարունակուած է կայուն հունի մէջ։ Վերջերս Կէօքըրմաք նորին սրբազնութիւնը հրաւիրած է «Թաշ էվ»։ Ընդառաջելով այդ հրաւէրին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելած է այդ մասնագիտական կեդրոնը, որ շատ ալ հեռու չէ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցիէն։ Հաթիճէ Շուլէ Կէօքըրմաք եւ իր գործակիցները նորին սրբազնութեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած են «Թաշ էվ»էն ներս ծաւալւած գործունէութեան, մասնագիտական հնարաւորութիւններուն եւ ստեղծուած ջերմ, նպատակասլաց մթնոլորտին շուրջ։ Պատասխանատուները ընդգծած են, որ պատրաստակամ են մեր համայնքէն ալ՝ այդ ծառայութիւններուն անհրաժեշտութիւնը ունեցող տղաքը հիւրընկալելու՝ բոլորովին անվճար ձեւով։ Թէեւ կեդրոնը Գարթալի մէջ է, քաղաքի կեդրոնէն որոշ չափով հեռու, սակայն «Տէյէր» միութիւնը կը հոգայ ամէն ինչ՝ ներառեալ տղոց անվճար փոխադրութիւնը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելութեան ընթացքին գնահատանքով արտայայտուած է «Թաշ էվ»ի ականատես եղածին շուրջ։ Ան գնահատած է այսպիսի մասնագիտական կառոյցի մը գոյութիւնը եւ անոր պատասխանատուներու կողմէ դրսեւորուած ոգին։ Նորին սրբազնութիւնը բոլորին յաջողութեան մաղթանքներ յղած է եւ աղօթած է, որ ամէն ինչ շարունակուի բարեյաջող։

Այս այցելութեան կապակցութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեզի հետ բաժնեց ամփոփ տպաւորութիւններ։ Ըստ իրեն, անկախ կրօնէ, ցեղէ, դաւանանքէ կամ ազգութենէ՝ յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու համար տարուած աշխատանքը աստուածահաճոյ է։ Նորին սրբազնութեան խօսքով՝ «Թաշ էվ»ը թէեւ մեր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս ստեղծուած «Զիպէչ»ի նման լայն հնարաւորութիւններով, առողջապահական հաստատութեան մը միջավայրով պայմանաւորուած կեդրոն մը չէ, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ դառնալ այլընտրանք մը։ «Ես կը գնահատեմ «Թաշ էվ»ի պատասխանատուներու ոգին, մօտեցումները, մասնագիտական խնամքի կարօտ երեխաներուն, հիւանդներուն, ծերերուն եւ ընդհանրապէս հասարակութեան խոցելի խաւերուն համար տարուած աշխատանքները, ցուցաբերուած զօրակցութիւնը միշտ պէտք է խրախուսել։ Այդ զգայնութիւնները միշտ ողջունելի ու դրական հարթակներ կը ձեւաւորեն, որպէսզի մարդիկ այդ ցաւալի երեւոյթներուն դէմ միասնաբար պայքարին եւ այդ պայքարին մղումը նաեւ միասնականութեան, փոխադարձ յարգանքի, համակեցութեան տրամադրութիւնները կ՚ամրապնդէ հաւաքական կեանքէ ներս», մեզի յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։  

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021