ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆԱՑՈՒՄ…
Պատրիարքարանի մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցաւ համայնքային հաւաքոյթ մը, որ ապահովաբար երկարաժամկէտ առումով պատմական նշանակութիւն պիտի ունենայ մեր կրթական կեանքին տեսանկիւնէն։ Այս հաւաքոյթով պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ամբողջականացումը։ Երկար ժամանակ առաջ ծնունդ առած եւ աշխատանքային դժուարին հանգրուաններէ անցած գործընթացի մը հասունացման փուլին ականատես եղան համայնքային շրջանակները։ Արդարեւ երկու կրթական հաստատութիւններու խնամակալութիւնները համաձայնութեան հասած էին՝ անոնց ճակատագիրը նոյնացնելու եւ այդպէսով ալ ապագան երաշխաւորելու ուղղութեամբ։ Վարչայիններուն միջեւ ձեռք բերուած խոր համագործակցութեան ուղղեալ համաձայնութեան զուգահեռ՝ կազմուած էր նաեւ արձանագրութիւն մը։ Երէկ առաւօտ ահա՛ այդ արձանագրութեան ստորագրման արարողութիւնը կազմակերպուած էր Պատրիարքարանի երդիքին տակ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Երկու վարժարաններու խնամակալութեանց անդամներուն կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթը ձեւով մը իր բարոյական վաւերացումը գտաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ստորագրութիւնով։ Պատրիարքական Աթոռին օրհնութեամբ ու հաստատումով արդէն մեկնարկեցաւ այդ արձանագրութեան գործնական հանգրուանը։ Արդարեւ, այժմ երկու խնամակալութիւններու համաձայնութիւնը կը թեւակոխէ գործնական փուլ՝ յառաջիկայ բարեփոխումներու եւ նորարարութիւններու սպասումով։ Հարկ է նշել, որ այդ հեռանկարները առաջին ակնարկով թէեւ կը վերաբերին պատկան երկու վարժարաններուն, սակայն դրական արդիւնքներու պարագային կրնան իրենց անխուսափելի անդրադարձը ունենալ նաեւ մեր կրթական համակարգի ընդհանուրին վրայ։
Գալֆաեանն ու Դպրեվանքը յետայսու այլեւս պիտի ղեկավարուին մէկ հաստատութեան նման։ Թէեւ թուղթի վրայ, պաշտօնապէս, անոնք պիտի գոյատեւեն՝ որպէս երկու անջատ կառոյց, իրենց ուրոյն ղեկավարութիւններով, սակայն գործնականին մէջ պիտի նոյնանան բոլոր առումներով, ամէն գետնի վրայ։ Սա զուտ ձեւական երեւոյթ մը կամ ինքնանպատակ կարգադրութիւն մը չէ, այլ՝ շատ կարեւոր վարչական նրբանկատութեան մը դրսեւորումը, որովհետեւ կը կանխէ իրաւունքի կորուստներու ամէն տեսակ հաւանականութիւն՝ մասնաւորապէս տուեալ երկու հաստատութիւններուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ։
Երկար ու ծանրաբեռնուած աշխատանքէ մը վերջ, երկու խնամակալութիւնները որոշած են միացման, ամբողջականացման ճանապարհը բռնել ծրագրաւորեալ ձեւով։ Այս նոյն ծիրին մէջ կը նախատեսուի յառաջիկայ տարիներուն կեանքի կոչել նաեւ շինարարական կարեւոր նախագիծ մը։ Այսպէս, կ՚ենթադրուի Սկիւտարի մէջ կրթական վիթխարի ու արդի համալիրի մը կառուցումը, ինչ որ յաւակնոտ երաշխիք մը պիտի ըլլայ երկու դպրոցներու ապագայ համատեղ գոյատեւման ուղղութեամբ։
Ընդհանուր փոխանորդին նախագահութեամբ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած ստորագրման արարողութեան մասնակցեցան Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Գարասու, տնօրէնուհի Այտա Գայաէր, ինչպէս նաեւ վերջին շրջաններուն այս հաստատութեան համար լուրջ զոհողութիւներ յանձն առած դէմքեր, որոնց շարքին էր խնամակալութեան նախկին ատենապետ Տանիէլ Անթիքաճեան։ Նոյնպէս մասնակցեցան Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Տոց. Թորոս Ալճան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Վարուժան Պուլկան, տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, ինչպէս նաեւ վերջին տասնամեակներուն էական պատասխանատուութիւններ ստանձնած դէմքեր. օրինակ՝ նախկին բազմամեայ տնօրէն Հայկ Նշան, անպաշտօն մատակարար մարմինները գլխաւորած Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու, Թորոս Աբիկ, Տքթ. Թագւոր Անան, Յակոբ Գրիգորեան, ազդու շրջանաւարտներէն Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Սարգիս Շահպազ, վերջին շրջաններուն սանուց միութեան գործունէութեան նոր շունչ մը բերած խումբէն Մուրատ Պէրպէրօղլու եւ այլք։
Հաւաքոյթի սկիզբին արտայայտուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որմէ վերջ խօսք առին երկու խնամակալութիւններու ատենապետները՝ Տիանա Գամբարոսեան եւ Թորոս Ալճան։ Բացատրութիւնները ուշադրութեամբ լսուեցան մասնակիցներուն կողմէ, որոնց շարքին առհասարակ կը գտնուէին համայնքային վարիչներ, նաեւ մամլոյ սպասաւորներ։ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի ընտանիքներու անդամներուն առընթեր, հարցումներով ու կարծիքներով հանդէս եկան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, ՍԷՎ-ի վարչութեան ատենապետ Հայկ Ասլանեան, փոխ-ատենապետ Արէտ Երկանեան, Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը եւ այլք։
Եզրափակիչ փուլին, ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ստորագրեց արձանագրութիւնը, որ կազմուած է երեք օրինակով։ Ընդհանուր փոխանորդը եւ ատենապետները փոխանակեցին համապատասխան փաստաթուղթերը։ Այդ երեք օրինակներէն երկուքը պիտի մնայ պատկան խնամակալութիւններուն մօտ, իսկ մէկ հատն ալ ի պահ պիտի դրուի Պատրիարքարանի մօտ։ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի կողմէ Պատրիարքարան յանձնուեցան նաեւ թղթածրարներ, որոնք կ՚ընդգրկեն երկու հաստատութիւններուն մասին մանրամասն տուեալներ եւ անոնց նոյնացման գործընթացի սկիզբին դրութեամբ առկայ կացութեան շուրջ բացատրութիւններ։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կատարուած նկարահանումով, որուն յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ներկաները շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեցին՝ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի պատասխանատուներուն։ Արձակման ժամանակ հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան յատուկ պատրաստուած մարմարեայ յուշանուէրներ, որոնց վրայ պատկերուած էին երկու հաստատութիւններու հիմնադիրները՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան եւ հոգելոյս Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան։