ՍԵԴՐԱԿ ՏԱՎՈՒԹՀԱՆԻՆ ՄԵՏԱՅԼ

Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ այս առաւօտ մեր համայնքի արժէքաւոր իրաւաբաններէն Սեդրակ Տավութհանին շնորհուեցաւ յուշամետայլ մը։

Թուրքիոյ Փաստաբանական կաճառներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան այն իրաւաբանները, որոնք իրենց ասպարէզին մէջ 40, 50 եւ 60 տարիներու գործունէութիւն ծաւալած են։ Այս ծիրէն ներս պարգեւատրուեցաւ նաեւ մեր համայնքի յայտնի իրաւաբաններէն Սեդրակ Տավութհան, որ իր ասպարէզէն ներս արդէն հինգ տասնամեակէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ։

Սեդրակ Տավութհանին՝ փաստաբանական գործունէութեան 50-ամեակին առթիւ պատրաստուած յուշամետայլը եւ վկայականը յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Փաստաբանական կաճառներու միութեան նախագահ Էրինչ Սաղքանի եւ Իսթանպուլի Փաստաբանական կաճառի նախագահ Ֆիլիզ Սարաչի։

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Սեդրակ Տավութհանի ընտանիքի անդամները՝ ի մասնաւորի իր դուստրը Ալին Էօզպիւլպիւլ, որ նոյնպէս իրաւաբանական ասպարէզէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սեդրակ Տավութհանը եւ իրեն կը մաղթենք յարատեւութիւն իր ասպարէզին մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024