ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ «ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆ»Ը
Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ կազմակերպեց երաժշտական խանդավառ ձեռնարկ մը։ «Դուն ալ մասնակցէ, դուն ալ նուագէ» կարգախօսով կազմակերպուած երաժշտական մարաթոն մըն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելանի շրջանին իրականացուած ծրագրի մը հիման վրայ կը շարունակուի այս երաժշտական մարաթոնը։ Այդ շրջանին արձանագրուած դրական արդիւնքը խրախուսական համարուած է Գարակէօզեանի ընտանիքին կողմէ, որ որոշած է յիշեալ նախընթացը արժեւորելով շարունակել այս գործը։
Ուրեմն երէկուան երաժշտական մարաթոնը եկաւ համալրել շարքը՝ որպէս 2015-ի օղակը։ Ձեռնարկը սկսաւ վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէի ողջոյնի խօսքով։ Ներկայ էին նաեւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տքթ. Գարուն Գովան եւ Գարակէօզեանի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ։
Օրուան ողջ տեւողութեան, ըստ նախատեսուած ծրագրին, շուրջ 200 մանուկներ կամ պատանիներ տողանցեցին բեմին վրայ՝ ներկայացնելով նուագներ, որոնք արժանացան ջերմ ծափողջոյններու։ Օրուան առաջին կէսին հանդէս եկան հինգ-եօթ եւ ութ-ինը տարեկան տղաքը, որոնք ընդհանրապէս կը յաճախեն մեր վարժարանները։ Կէսօրուան ժամերուն տասն եւ տասնմէկ-տասներկու տարեկաններու խումբերը գործադրեցին իրենց յայտագիրը, իսկ յետմիջօրէէն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամերը բեմ առին տասներեք-տասնվեց տարեկան տղաքը։
Ընդհանուրին մէջ երեք համերգի ձեւաչափ ունէր այս նախագիծը, որ կեանքի կոչուեցաւ Սեւան Չավուշեանի, Մուրատ Ճաւաքի, Էսատ Ալփայի, Արի Հէրկէլի, Գարին Սուսմաքի, Մարի Արզումանի եւ Գարմէն Տէմիրճիօղլու ջանքերով։ Իրենց աջակցութիւնը բերած էին նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ Վազգէն Պարըն։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024