ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՏՂԱՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԷՍԿԻՇԷՀԻՐ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները անցեալ շաբաթավերջին ուղեւորութիւն մը իրականացուցին դէպի Էսկիշէհիր։ Խումբին գլուխը կը գտնուէին վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ աւարտական դասարանի ուսուցչուհի Լուսիա Գըլընճլը։
Սիվրիհիսարի եւ Էսկիշէհիրի շրջակայքին բազմակողմանի պտոյտ մը իրականացուցին տղաքը։ Սիվրիհիսարի մէջ այժմ վերանորոգուած պատմական հայկական եկեղեցին ու համալիրը շրջելէ վերջ անոնք իրենց ճամբորդութիւնը շարունակեցին՝ այցելելով թանգարաններ եւ պատմամշակութային նշանակութեամբ զանազան վայրեր։ Շրջանի բնական գեղեցկութիւններն ալ վայելելով, տղաքը տարրական պատկերացում մը կազմեցին նաեւ բնակիչներու առօրեային առընչութեամբ։
Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի խումբը վառ տպաւորութիւններով վերադարձաւ Իսթանպուլ։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024