ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԹԱՓՈՎ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ

Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը։ Երեկոյթին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս յանձնախումբը շուրջ ինն ամիսէ ի վեր յառաջ կը տանի «mentee-mentor» ծրագիրը, որու առաջին փուլի մասնակիցները երէկ ստացան իրենց վկայականները։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները։

Վերոյիշեալ ծրագիրը մտայղացուած է Մերի Թաքսի Տեւէճեանի կողմէ։ Ժպիտ Էօղէր համակարգած է 14 շաբթուան այս աշխատանքը, որու ներգրաւուած են մեր վարժարաններու 11-12-րդ դասարաններէն աշակերտներ, ինչպէս նաեւ համալսարանականներ։ Համապատասխան խումբը ամիսներ շարունակ անվճար գիտաժողովներ կազմակերպած է մեր համայնքի երիտասարդներուն համար՝ բերելով իր նպաստը անոնց գործի որոնումներուն։

Երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ասուլիսը վարեց Ժպիտ Էօղէր։ Ներկաներու հարցումներուն պատասխանեցին Դալար Վարդանօղլու, Շիրին Քալայճը, Լեռնա Մեզիրճեան եւ Արի Աքթոքմաքեան։

Յառաջիկայ աշնան պիտի սկսի այս ծրագրին երկրորդ փուլը։ Երիտասարդները այժմէն խանդավառութեամբ կը սպասեն աշխատանքներու վերսկսման։

Երեկոյթի հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ յանուն Պատրիարքական Աթոռին բարձր գնահատեց երիտասարդներուն կողմէ տարուած աշխատանքը։ Նորին սրբազնութիւնը գնահատագրեր յանձնեց հետեւեալներուն.

Մերի Թաքսի-Տեւէճեան, Ժպիտ Էօղէր, Գարօլին Իւչէր, Սիպիլ Արսէնեան, Գայլ Ճէմճէմ, Քամի Սահակեան, Երազ Չաղլայան, Արթուն Աթմաճա, Անի Թաքըճը, Եսենիա Սերափ, Լառա Տէօքմէճեան, Լարիսա Տէօքմէճեան, Պուրակ Թանըշման, Ռուտի Էքսէր եւ Առնօ Պենկլեան։

Գնահատագրերը յանձնելէ վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըսաւ.

«Եթէ կաք դուք՝ երիտասարդներդ, ապա մենք ալ կանք։ Մեր երիտասարդները եկեղեցական կեանքին շատ քիչ կը մասնակցին։ Անոնք ընդհանրապէս ընկերային մետիային հետամուտ են։ Հետեւաբար, այսպիսի ծրագրի մը առիթով ձեր համախմբումը շատ կարեւոր է ու մեծապէս կը գոհացնէ մեզ»։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019