ՌՈՒՍԱՀԱՅ ՀԻՒՐԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ռուսահայ համայնքէն իրաւաբան Սերկէյ Աւագեանն ու Նարինէ Յարութիւնեանը։ Մեր հիւրերուն կ՚ուղեկցէր Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն Յարութիւն Շէշէթեան։ Սերկէյ Աւագեան եւ Նարինէ Յարութիւնեան նշանածներ են եւ քաղաքս կը գտուին արձակուրդի համար։ Նարինէ Յարութիւնեան կը բնակի Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, իսկ Սերկէյ Աւագեան՝ Մոսկուա։

Իրենց կեցութեան օրերուն անոնք փափաքած են տարրական պատկերացում մը կազմել պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ, ուստի իրենց ժամանակին ներած չափով այցելած են զանազան հաստատութիւններ։ Նոյն ծիրին մէջ անոնք այելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր տեղեկութիւններ քաղեցին թերթիս գործունէութեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019