ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ե­րէկ ապ­րե­ցաւ ո­գե­ւոր օր մը։ Այս­պէս, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ամ­րան խրախ­ճանք մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր հա­մա­նուն սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ այս ձեռ­նար­կը հա­մախմ­բեց դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ու­սուց­չաց կազ­մը, սա­նե­րուն ծնող­նե­րը։ Ներ­կայ էին Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­ջա­կից Յա­րու­թիւն եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու ա­մո­լը, Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու եւ այլ հիւ­րեր։

Ար­ման Քէօ­սէի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ գոր­ծադ­րուե­ցաւ խրախ­ճան­քի յայ­տա­գի­րը եւ այս առ­թիւ տղա­քը ապ­րե­ցան զուար­ճա­լի ժա­մեր։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ի­րենց հա­մար պատ­րաս­տած էին նաեւ նուէր­ներ։

Ամ­րան խրախ­ճան­քի ըն­թաց­քին սրտի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան հայ­րե­րը եւ Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան։

Կողքի լուսանկարին մէջ խրախճանքի մասնակիցները հաւաքաբար կ՚երեւին Մխիթարեան վարժարանի պատմական եւ ընդարձակ համալիրէն ներս (Լուսանկար՝ Արի Թաշ)։

 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015