ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Տա­րե­վեր­ջեան ո­գե­ւոր հան­դի­սու­թիւն մը կա­յա­ցաւ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Նոր դպրո­ցի կա­ռուց­ման հե­տե­ւան­քով հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­քըր­գիւղ մար­զա­կում­բի սրա­հին մէջ։ Օրուան խօս­նակ­ներն էին Սար­վէն Չը­նար, Սա­րին Պայ­րամ, Սե­սիլ Հը­տըր եւ Ժան Էօրս։ Սա­նե­րը ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Ա­նի­թա Քուր­տօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քոյ եր­գե­ցին տար­բեր լե­զու­նե­րով եր­գեր։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րեց տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ՝ մաղ­թե­լով յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

«Սա­րայ­լը» մրցա­նա­կը յանձ­նուե­ցաւ գի­տու­թեան եւ ու­սո­ղու­թեան ա­մե­նա­յա­ջող ա­շա­կեր­տու­հիին՝ Սա­րին Մա­րալ Ա­թը­քին, ձե­ռամբ գի­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Սի­պէլ Ար­փա­ճը­քի։ Յա­ջո­ղա­գոյն ա­շա­կերտ­ներ Ար­տէն Շաշ­մա­զին եւ Լա­րա Ճե­րա­նօղ­լուին յանձ­նուե­ցան ոս­կեայ յու­շա­նուէր­ներ՝ հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ար­շը­քի եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ Դա­նիէլ Խա­չի­կօղ­լուի ձե­ռամբ։ Մե­ծա­յարգ բա­րե­րար Յով­հան­նէս Չի­լին­կի­րեա­նի կող­մէ տրա­մադ­րուած էր նաեւ Չի­լին­կի­րեան մրցա­նակ մը՝ ի յի­շա­տակ իր քրոջ՝ Ար­մե­նու­հի Չի­լին­կի­րեան Թո­րի­կի։ Մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցան հա­յե­րէ­նի յա­ջո­ղա­գոյն ա­շա­կեր­տու­հի­ներ՝ Կապ­րիե­լա Լի­նէթ Քա­լան, Սե­սիլ Հը­տըր եւ Սա­րին Պայ­րամ։ Ա­նոնք ի­րենց նուէր­նե­րը ստա­ցան Յով­հան­նէս Չի­լին­կի­րեա­նի ազ­գա­կա­նին՝ Ռե­հան Սա­րը­պա­յի, ինչ­պէս նաեւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեա­նի եւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեա­նի ձե­ռամբ։ Տղա­քը պատ­րաս­տած էին նաեւ պա­րեր, ո­րոնց­մէ ետք ար­տա­սա­նե­ցին ի­րենց հրա­ժեշ­տի խօս­քը։ Հան­դէ­սը ա­ւար­տե­ցաւ կար­կան­դա­կով։

Մինչ այդ, կա­յա­ցած էր նաեւ ման­կա­պար­տէ­զի շրջա­նա­ւար­տու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015