ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՇԱԲԱԹԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2016-2017 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այս տարի եւս կրթական շրջանի վերջին շաբաթը բնորոշուեցաւ փառատօնով մը, որ իր տեսակին մէջ երրորդն էր։ Արամեան-Ունճեան վարժարանի այս փառատօնի շաբաթը ունէր ճոխ յայտագիր մը։ Տնօրէնութիւնը վերջին տարիներուն այս փառատօնը կը կազմակերպէ՝ որպէսզի տղաքը տարուան վերջին շաբաթը անցընեն միասնականութեան մթնոլորտի մէջ ու վայելեն ամբողջ աշխատանքային շրջանի մը ընթացքին ծաւալուած գործունէութեան պտուղները։

Այս տարուան փառատօնը ունէր առանձին բաժիններ։ Այդ ամբողջին մէջ լեզուի առարկաները արժանացած էին առաջնահերթութեան։ Արդարեւ, հայերէնի, թրքերէնի եւ անգլերէնի համար կազմակերպուած էին մասնաւոր փառատօններ։ Տղաքը այդ երեք լեզուներու դասաւանդութիւններուն ընթացքին իրենց ամբարած գիտութիւնը ներկայացուցին յաջող ելոյթներով եւ իրենց մօտ զգալի դարձան արտայայտութեան ինքնադրսեւորման ընդունակութիւնները։

Փառատօնի ծրագիրը առանձին բաժին մըն ալ ունէր գիտական առարկաներու համար։ Այս փուլին ալ աշակերտները զանազան ծրագրեր ցուցադրեցին, փորձեր կատարեցին եւ իրենց ընկերներու բազմաբնոյթ հարցումներուն պատասխանեցին։

Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու ծրագրի աւարտին շնորհաւորեց բոլոր աշակերտները, ուսուցչական կազմը եւ ամրան բարի արձակուրդի մաղթանքներ յղեց բոլորին։

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017