ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Գալֆաեան Տան մանկապարտէզի սաները վերջերս այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։ Երկու դպրոցներու նախակրթարաններու տղաքը մէկտեղուեցան իսկապէս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Փոքրիկները անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ ժամանց ունեցան իրարու հետ։ Անոնց համախմբումով իսկապէս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, մինչ զիրենք վերահսկող կրթական մշակներն ալ իրարու միջեւ զրուցեցին նոյն ոգեւորութեամբ։

Ամառուան արձակուրդի ընդառաջ երկու դպրոցներու մանկապարտէզի փոքրիկներուն տեսակէտէ անմոռանալի պահերու առիթ դարձաւ այս համախմբումը։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019