ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՍՏԵՓԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԼԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շիշլիի հայ կաթողիկէից գերեզմանատան մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ստեփան Յովհաննէսեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ծանօթ է, որ իր անժամանակ կորուստը վերջին օրերուն յառաջացուցած էր մեծ ցաւ։ Իր սիրելիները յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուին Ստեփան Յովհաննէսեանին, որու յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան՝ շուրջն ունենալով այլ հոգեւորականներ։ Բոլորը բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին հանգուցեալի բարի յիշատակին առջեւ, դագաղին շուրջ աղօթեցին իր յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։ Յուղարկաւորները իրենց վերջին յարգանքին առարկայ դարձուցին հանգուցեալ Ստեփան Յովհաննէսեանը, որու մարմինը ամփոփուեցաւ նոյն գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս իրեն կը հայցենք երկնային հանգիստ։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք համայն իր ընտանիքին՝ մանաւանդ այրիին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի բազմամեայ վաստակաւորներէն Լիկիա Յովհաննէսեանին, նաեւ որդւոյն՝ Վարդան-Ժուլիա Յովհաննէսեաններուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024