Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս շա­բա­թա­վեր­ջին կ՚այ­ցե­լէ Վա­քըֆ­լը­գիւղ՝ Ս. Աս­տուա­ծած­նի տօ­նին առ­թիւ։ Ան տեղ­ւոյն Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կը նա­խա­գա­հէ տա­ղա­ւա­րի հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն, կը պա­տա­րա­գէ եւ իր պատ­գա­մը կը փո­խան­ցէ՝ գիւ­ղի բնակ­չու­թեան եւ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան կը յա­ջոր­դէ ժո­ղովր­դա­կան խրախ­ճանք մը։

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի մէջ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին մեր ամբողջ համայնքին զօրակցութեամբ շարք մը կա­րե­ւոր շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնց ար­դիւնքն ալ այս փու­լին բո­լո­րի աչ­քին առ­ջեւ պի­տի գտնուի։

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2015