ՊԱԼԸՔԼԸԻ ԳԵՐԵԼՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐԻ ԲԱՑՈՒՄ
Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցաւ նորակերտ խաչքար մը, որու բացման արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արիս Տեմիրի բարերարութեամբ Հայաստանի մէջ պատրաստուած է այս խաչքարը։ Յետ այսու մեռելոցներուն այս խաչքարին շուրջ է, որ տեղի պիտի ունենան ընդհանուր հոգեհանգստեան արարողութիւնները։
Խաչքարի օծման ընթացքին Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էին նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր ընկերները։