Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ ՄԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Իթիմատ պիւրօ»ի բազմամեայ պատասխանատու Սարգիս Գրիգորեանը։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքարանի հաշուապահներէն Հերման Կիւրճիեան եւ Պետրոս Մարզուան։
Հարկ է նշել, որ Սարգիս Գրիգորեան բազմամեայ ու նուիրեալ ծառայութեան շրջանէ մը վերջ ներկայիս կը փոխանցէ իր հերթը։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ նոր կարգադրութիւններ կը կատարուին՝ մեր բարենպատակ հաստատութիւններուն ի նպաստ նուիրատուութիւններու համակարգման համար։
Գնահատելու համար Սարգիս Գրիգորեանի կողմէ ներդրուած եռանդը՝ Նորին Սրբազնութիւնը Գումգաբուի մէջ ընդունեց զինքը եւ իրեն շնորհեց մասնաւոր օրհնութեան գիր մը։ Ընդգծելով այդ գրասենեակին գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ Նորին Սրբազնութիւնը յիշեցուց, թէ հիմնուած շրջանէն ի վեր այդ հաստատութիւնը ունեցած է նախանձախնդիր եւ վստահելի սպասաւորներ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրհնութեան գիրի բովանդակութեան մէջ վերյիշած է նաեւ Սարգիս Գրիգորեանի հօր՝ Վարուժան Գրիգորեանի անունը։ Վարուժան Գրիգորեանի մահէն վերջ այդ առաքելութիւնը շարունակած Սարգիս Գրիգորեանի աշխատանքն ալ բարձր գնահատուած է օրհնութեան գիրին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծած է, որ մեր համայնքային ու թաղային մարմինները շնորհակալ զգացումներ կը տածեն իրեն նկատմամբ։ Սարգիս Գրիգորեանի նուիրեալ ծառայութիւնը գնահատելու առընթեր ան յղած է իր աղօթքն ու բարեմաղթանքը՝ իրեն եւ իր ընտանիքի անդամներուն համար։