ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ «ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ»

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ պայրամի արձակուրդի օրերուն տեղի ունեցաւ «Զուարճալի գիտական աշխատանոց» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ, երկուշաբթի, օգոստոսի 12-ին տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, ինչպէս նաեւ կայանի սաներուն առընթեր կղզեբնակ փոքրիկներ։

Օրուան ծրագիրը գործադրեցին Պաքըրգիւղի «Ռոթարաքթ» կամաւորներու հասարակական միութեան ներկայացուցիչները։ Այդ միութեան նախագահն է մեր համայնքէն Պեռնար Թերզեան, որ իր երեք գործակիցներուն՝ Պուքէթ Համարաթի, Արթուն Քոչարի եւ Ռուպի Իչլիեիւրէքի հետ փութացած էր Կազդուրման կայանի սաներուն համար գործադրել օրուան յայտագիրը։ Պեռնար Թերզեան եւ իր գործակիցները ձեռնարկի մասնակիցներուն համար ներկայացուցին տասն գիտական փորձեր, որոնք տղոց կողմէ մեծ հետաքրքրութեամբ ընկալուեցան։ Այդ փորձերը կը վերաբերէին գիտական զանազան պարագաներու, որոնք առօրեայի հետ ունին առընչութիւն։ Փոքրիկներուն տեսակէտէ եզակի փորձառութիւն մը եղաւ այդ փորձերուն հետեւիլը։

«Զուարճալի գիտական աշխատանոց»ի աւարտին ձեռնարկի կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին Պեռնար Թերզեանին եւ իր գործակիցներուն։ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ նկարահանում մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019