ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Վաքըֆլըգիւղ։ Տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը կը նախագահէ Վերափոխման տաղաւարի արարողութիւններուն։ Այս տարի քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով Ս. Աստուածածնի տօնական խրախճանքը թէեւ տեղի չ՚ունենար Վաքըֆլիգիւղի մէջ, սակայն գիւղի գողտրիկ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը եւ տաղաւարի աւանդական արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ։ Հակառակ սահմանափակումներուն, Աստուածածնի տօնի շրջանին Վաքըֆլըգիւղէ ներս կը տիրէ ոգեւորութիւն։ Գիւղացիները եւ վաղուան արարողութեան մասնակիցները առիթ պիտի ունենան ունկնդրելու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տաղաւարի պատգամը։

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2020