ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի արարողութիւններուն նախագահեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, տաղաւարի նախորդող օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Թուրքիոյ հարաւային քաղաքները՝ մինչ զուգահեռաբար կազմակերպուած ուխտագնացութեան եզրափակիչ փուլը բնորոշեց Վաքըֆլըգիւղը։ Նորին Ամենապատուութեան ներկայութեամբ վերակենդանացան Մուսա լերան աւանդութիւնները, իսկ Վաքըֆլիգիւղէն ներս արտասովոր ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ տուաւ օրուան պատգամը, Ս. Պատարագէն վերջ հանդիսապետեց նաեւ՝ եկեղեցւոյ բակէն ներս բացօթեայ կատարուած Խաղողօրհնէքի կարգին։

Վաքըֆլըգիւղի մէջ եկեղեցական տօնակատարութիւններուն առընթեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ նաեւ աւանդական խրախճանքին, իսկ երէկուան տօնակատարութիւններէն վերջ բոլոր հաւատացեալներուն բաժնուեցաւ գիւղին մէջ պատրաստուած հարիսան։

Այցելու ուխտաւորներու ներկայութեամբ ստեղծուած մեծ եռուզեռին առընթեր, վաքըֆլըգիւղցիներուն համար եզակի հնարաւորութիւն մըն էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ առանձին հանդիպումը։ Արդարեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ յետմիջօրէին գիւղի բնակիչներուն հետ անմիջական ու հաճելի զրոյց մը ունեցաւ, պատասխանեց անոնց զանազան հարցումներուն եւ ընդգծեց իր հայրական գուրգուրանքն ու վերաբերմունքը անոնց նկատմամբ։

Մինչեւ Վաքըֆլըգիւղ հասնիլը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանգրուանեց Քըրըքխանի եւ Իսքենտէրունի մէջ, ուր քաղաքավարական այցելութիւններ ալ տուաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն կամ ղեկավարութիւններուն։ Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պաշտօնական դէմքերու հետ ճաշասեղանի մը շուրջ ալ համախմբուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի մէջ՝ երէկուան արարողութիւններէն վերջ։

Այսպէսով, տաղաւարի առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութեան ծրագիրն ալ հասաւ իր աւարտին։  

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2022