Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Տեղապատ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Գումգաբու տուած այցելութեան ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառին ընկերացան Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Շուրջ մէկ ժամ տեւեց սիրալիր զրոյցը, որու ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան միջեկեղեցական նիւթերու եւ ընդհանուր եկեղեցին յուզող առօրեայ ընկերային հարցերուն շուրջ։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017