ՍԱՐԻՆ ՊԱՅՐԱՄԻ ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐՈՎ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ՝ «ԱՏԷՆ»

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը ներկայ վերամուտի շրջանին պատանի ընթերցողներու սեղանին վրայ դրած է նոր հեքիաթագիրք մը, որ կը կոչուի «Ատէն»։ Մեր համայնքի համալսարանականներէն Սարին Պայրամի կողմէ հեղինակուած տասն հեքիաթ կը բովանդակէ այս գիրքը։ Թէեւ բոլոր հեքիաթները իրարմէ տարբեր են, սակայն, անոնց հասարակաց հերոսն է «Ատէն»ը, որ իր անունը տուած է նաեւ գիրքին։ Սարին Պայրամի կողմէ հեղինակուած հեքիաթները նկարազարդուած են Վոլքան Վահրամ Եարըճըի կողմէ։ Այսպէսով փոքրիկ ընթերցողներուն համար իսկապէս հաճելի, հրապուրիչ գիրք մը պատրաստուած է եւ այդ մէկը Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ բոլոր փափաքողներու տրամադրութեան տակ կը դրուի։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ուսուցչաց հիմնարկի վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանն ու հեքիաթներու հեղինակ Սարին Պայրամը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ Ուսուցչաց հիմնարկը այս նոր գիրքը մասնաւորապէս կը տրամադրէ պոլսահայ վարժարաններու աշակերտներուն։ Մեզի համար հաճելի նորութիւն մըն էր մօտէն ճանչնալ Սարին Պայրամը, որ ատամնաբուժութեան վրայ կը մասնագիտանայ։ Ան դուստրն է մեր բազմամեայ ու նուիրեալ կրթական մշակներէն Ալիս Պայրամի։

Կը շնորհաւորենք Սարին Պայրամը, որ գիտական ասպարէզի մէջ խորանալու առընթեր, յաջողած է ներթափանցել փոքրիկներու երեւակայական աշխարհը։ Գնահատելի է նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան մօտեցումը՝ այդ ստեղծագործութիւններու արժեւորման տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021