ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերամուտի զանգին հնչումը ազդարարեց 2022-2023 կրթական շրջանի սկիզբը։ Վերամուտի օրը դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Ամրան երկար արձակուրդին թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ կրթական մշակները զիրար կարօտցած էին։ Ուստի, անոնք վերստին համախմբուեցան բարձր տրամադրութեամբ եւ լծուեցան աշխատանքի։

Վերամուտի հանդէսին ներկայ գտնուեցան նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Ստեղծուած տօնական մթնոլորտին մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Թալին Պէրպէրօղլու, որ բոլորը շնորհաւորեց վերամուտի առթիւ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց յառաջիկայ աշխատանքային շրջանին համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2022