ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ժամադրուած էին Ֆէրիգիւղի մէջ, ուր Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն, որոնք անցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս առթիւ համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցեցան Ֆէրիգիւղի ընտանիքին, որ ամէն զոհողութիւն յանձն կ՚առնէ երաշխաւորելու համար թաղի վարժարանի ու միւս բոլոր յարակից հաստատութիւններու կայունութիւնը։ Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին, ուր ընդհանուր փոխանորդի հանդիսապետութեամբ պատարագեց թաղի քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հմայեակ Սրկ. Քոչումեան, Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, Տիրան Սրկ. Պեսքիսիզեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։  Հանդիսադիր սրբազան հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Օրուան պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ շուրջ քսան տարիէ ի վեր կը հոգայ Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղաններու բոլոր ծախսերը։ Նկատի ունենալով, որ Մուսթաֆա Սարըկիւլ յառաջիկայ շրջանին դարձեալ թեկնածու պիտի ըլլայ Շիշլիի քաղաքապետի պաշտօնին՝ համայնքային շրջանակները երէկ հերթական անգամ զինքը առարկայ դարձուցին համակրանքի եւ զօրակցութեան զգացումներու։ Սիրոյ սեղանի մասնակիցներու շարքին էին Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Իւնէօնիւ, Սեւ ծովեան տնտեսական կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդէն Վազգէն Պարըն, քաղաքապետարանի խորհրդականներէն Սիրան Սուրքի, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց՝ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։

Հարկ է նշել, որ սիրոյ սեղանի ընթացքին ոգեկոչուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ նորոգ հանգուցեալ Շարլ Ազնաւուր, որու նկատմամբ մատուցուեցաւ յարգանքի տուրք։ Սրահին մէջ զետեղուած էր Շարլ Ազնաւուրի մեծադիր լուսանկարը, ատեն-ատեն նուագուեցան իր գործերէն նմոյշներ եւ ատենախօսներն ալ մեծանուն արուեստագէտի նկատմամբ բիւր յարգանքով արտայայտուեցան իրենց ելոյթներուն մէջ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ թաղային խորհուրդի անդամուհիներէն Գարէն Թերզեանի։ Սկիզբին առաջին դասարանի փոքրիկները ներկայացուցին պար մը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ վարժարանի սաները հանդէս եկան խմբերգներով՝ նոյնպէս խլելով ծափահարութիւններ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ արտասանեցին աշակերտներէն Նայիրա Այտըն, Արաս Չամիչեան եւ Լիանա Սիւզմէ։

Սիրոյ սեղանի ընթացքին ատենապետ Մանուկ Էօղէր հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան յայտնեց, որ Մէրամէթճեան վարժարանը արդէն 106-րդ անգամ դռները բացած է այս տարի ու կը գործէ առաջին օրուան եռանդով։ Մանուկ Էօղէր բացատրեց, որ Մէրամէթճեան վարժարանը եւ ընդհանրապէս մեր դպրոցները որքան դերակատարութիւն ունին մեր լեզուի, արուեստի եւ մշակոյթի յարատեւութեան տեսակէտէ։ Ուստի, ան բացատրեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կը նպաստեն այս դպրոցին ու մեր համայնքային վարժարաններուն, խորքին մէջ զօրակցած կ՚ըլլան հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութեան մը։ Մանուկ Էօղէր բացատրեց, որ մեր համայնքէն ներս զօրակոչի մթնոլորտ մը պէտք է ստեղծուի՝ որպէսզի մեր վարժարանները դառնան հրապուրիչ կեդրոններ։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս նպատակով ու տեսլականով կ՚աշխատի՝ Մէրամէթճեան վարժարանի գոյութիւնը ապահովելու համար։ Ատենապետը յայտնեց, որ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն՝ որպէսզի մեր երիտասարդները լիարժէք ձեւով ընդգրկուին ընկերային կեանքի մէջ եւ հասնին որպէս արտադրող անհատներ։ Ելոյթի վերջին բաժնին մէջ Մանուկ Էօղէր շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրի Ինէօնիւին եւ Մուսթաֆա Սարըկիւլին։

Թաղային խորհուրդի ատենադպրուհի Ազնիւ Մեծատուրեան բացատրութիւններ տուաւ տարեկան պիւտճէին շուրջ։ Ան մանրամասնութիւններ հաղորդեց թաղային խորհուրդի մուտքերուն եւ ծախսերուն մասին։ Դժբախտաբար, այդ հաշուեկշիռի արդիւնքը ցոյց կու տար պիւտճէի մեծ բաց մը, որու հաւասարակշռման համար Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ապաւինէր համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանն ալ սիրոյ սեղանի ընթացքին արտասանեց սրտի խօսք մը։ Ան բացատրեց, որ հայ վարժարանը լոկ ուսումնարան մը չէ, այլեւ հայ մնալու երաշխիք մըն է։ Արդարեւ, սերունդները հայ դպրոցէն ներս հաղորդ կը դառնան մեր բոլոր սրբութիւններուն։ Նկատի ունենալով, որ սիրոյ սեղանը զուգադիպեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջին՝ տնօրէնուհին մատնանշեց, որ մեր գիրն ու գրականութիւնը հայ մնալու նախապայմանները կը համարուին։

Արփի Մանուկեան աւելի վերջ անդրադարձաւ, որ ապագայ աշխարհին մէջ մրցունակ ձեւով գոյատեւելը այժմու կանխատեսումներով շարք մը ակնկալութիւններ օրակարգի վրայ կը բերէ նոր սերունդներուն տեսակէտէ։ Ուստի, Մէրամէթճեան վարժարանէ ներս այդ հեռանկարներուն համապատասխան երիտասարդներ հասցնելու ջանքերը կը գործադրուին։ Այս ուղղութեամբ կ՚ուսումնասիրուին կրթական գործի մէջ յաջողած այլ երկիրներու օրինակները։ Մեծ եռանդ կը ներդրուի՝ որպէսզի տղաքը հասնին իբրեւ համաշխարհային քաղաքացիներ։ Արտադասարանային գործունէութիւններն ալ կազմակերպուած ձեւով յառաջ կը տարուին Ֆէրիգիւղի վարժարանէն ներս։ Արփի Մանուկեան այս բոլորի լոյսին տակ մատնանշեց, որ իրենք կը հետեւին դպրոցի շրջանաւարտներու համալսարանի մտից յաջողութիւններուն։ Ան ուրախութեամբ ընդգծեց, որ Մէրամէթճեան վարժարանի երդիքին տակ դրուած ամուր հիմքերով տղաքը յաջողութեան կը հասնին կրթական կեանքի յաջորդող փուլերուն եւ դժուարութիւն չեն ունենար համալսարան մուտք գործելու։

Բարձրախօսը յանձնուեցաւ նաեւ Մուսթաֆա Սարըկիւլին, որ ան շատ կարճ ձեւով բանաձեւեց իր պատգամը՝ հերթական անգամ բոլորին հայերէնով ըսելով. «Ձեզ շատ կը սիրեմ»։ Սարըկիւլ յայտնեց, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարի աւելի երկար խօսիլ։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսկ բանքով։ Այդ փուլին նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ յայտարարուած պիւտճէի բացին հազիւ կէսը հաւասարակշռել կարելի դարձած էր օրուայ հանգանակութեան արդիւնքով։ Հուսկ բանքի բովանդակութեան մասին կարդալ՝ յարակից սիւնակներուն մէջ։

Սիրոյ սեղանի մասնակիցները արձակուեցան միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

        

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018