ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ ան կը տեսակցի փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Ինչպէս ներկայ տարեմուտին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ տեսակցութեան ժամանակ եղած էր՝ մայրաքաղաքի մէջ Պետրոս Շիրինօղլու կը հիւրընկալուի որպէս Թուրքիոյ հայկական վաքըֆներու միաւորման ղեկավար։
Պետրոս Շիրինօղլու այսօր կարեւոր ժամադրութիւն մը ունի Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Արդարեւ, փոխ-վարչապետ Չավուշօղլու կառավարութեան կազմէն ներս պատասխանատու է վաքըֆներու հարցերով, իբր այդ կը զբաղի նաեւ փոքրամասնութիւններու խնդիրներով։ Կը նախատեսուի, որ Շիրինօղլու փոխ-վարչապետի հետ զրուցելու ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադառնայ պատրիարքական եւ համայնքային ընտրութիւններու մասին առկայ խնդիրներուն։ Բաց աստի, մեր հաւաքական կեանքին տեսակէտէ լուրջ նշանակութեամբ այլ շարք մը հրատապ նիւթեր ալ կը քննարկուին այսօրուան զրոյցին ընթացքին։
Պետրոս Շիրինօղլուի պետական շրջանակներու հետ նման բարձր մակարդակի շփումները ներկայիս առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն եւ համայնքային շրջանակներուն կողմէ կը դիտարկուին անմիջական ուշադրութեամբ։ Պատրիարքական ընտրութեան տագնապին շուրջ մօտաւոր անցեալին Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած էր կարեւոր հանդիպում մը, որու ընթացքին մեր համայնքին պատգամներ փոխանցուած էին՝ առկայ գործընթացի ընթացակարգային տեսակէտէ խոցելի երեսակներուն շուրջ։ Անմիջապէս յաջորդող շրջանին, 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնին օրը, Պեշթեփէի համալիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան ալ Շիրինօղլու հրաւիրուած էր որպէս թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչ, մինչ այնտեղ էին մնացեալ բոլոր փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։
Այս բոլորէն վերջ Պետրոս Շիրինօղլու այսօր կը տեսակցի փոխ-վարչապետ Չավուշօղլուի հետ։ Տեսակցութեան ժամկէտն ալ հետաքրքրական է։ Արդարեւ, յառաջիկայ Երկուշաբթի նախատեսուած է Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) 2017-2018 շրջանի առաջին ժողովը։ Կը նախատեսուի, որ այդ ժողովին մասնակցի նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան՝ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներուն հետ խորհրդակցելու համար առկայ վիճակին շուրջ։ Ուստի, այսօրուան հանդիպման լոյսին տակ Շիրինօղլու պետական շրջանակներու տրամադրութիւններուն վերաբերեալ ամենաթարմ տեղեկութիւնները պիտի ունենայ՝ խորհրդակցութիւններու ընթացքին ներկայացնելու համար։
Երբ համայնքային կեանքէն ներս կուտակուած են հարցականները՝ պետական շրջանակներու հետ շփման հնարաւորութիւնները կը ներկայացնեն անգնահատելի արժէք։