ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ։ Ձեռական աշխատութիւններու ծիրէն ներս աշակերտները իրենց անուններու սկզբնատառերով կերպասէ պայուսակներ պատրաստեցին ու զարդարեցին։ Խոհանոցի աշխատութիւններու ծիրէն ներս տուրմի կաթիլներով ձեւաւորեցին հայերէն տառեր։ Գեղարուեստական աշխատութիւններու ծիրին մէջ յատկանշական էին «ռիթմ»ի եւ «օրֆֆ»ի աշխատանքները։ Այս բոլորին զուգահեռ դասարաններէ ներս ալ տեղի ունեցան լեզուական աշխատութիւններ, հանելուկներ, բառախաղեր, նաեւ կազմակերպուեցան մրցումներ։

Աշխատութիւններու աւարտին աշակերտները եւ ուսուցիչները վարժարանի սրահին մէջ համախմբուեցան եւ դիտեցին վաւերագրական ժապաւէն մը, որ ձօնուած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին ու Հայոց գիրերու գիւտին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017