ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆՆ ՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Միջմիութենական նարտի մրցաշարքի աւարտական ու եզրափակիչ փուլի պարգեւատրման հանդիսութիւնը։ Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին այս տարի 19-րդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։
Աւարտական հանգրուանին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի որդին՝ Մարտիրոս Կիւնթէր։
Այս տարի մրցաշարքին առաջինը հանդիսացաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան սանուց միութիւնը, որուն յաջորդեցին Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի սանուց միութիւններու խումբերը։ Մրցանակաբաշխման հանգրուանին պարգեւները յանձնուեցան ծափողջոյններով։ Հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը եւ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ու ժամադրուեցան յաջորդ տարուան մրցաշարքին համար։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարի այս մրցաշարքը պիտի կազմակերպուի 20-րդ անգամ՝ Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ, ուր արդէն առաջին անգամ կազմակերպուած էր այս միջմիութենական ծրագիրը։