ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ պատգամ մը հրապարակեց Երուսաղէմի առկայ տագնապին առընչութեամբ։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ մեծ ցաւով ու մտահոգութեամբ կը հետեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտնի որոշումով ստեղծուած իրավիճակին, որով վնաս կրած է Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացը։ Հաշուի առնելով, որ Երուսաղէմը միաստուածեան երեք կրօններու կողմէ նուիրական նշանակութեամբ քաղաք մըն է՝ տեղապահ սրբազան հայրը շատ ցաւալի նկատած է անոր նման հակամարտութիւններու պատճառ դառնալը։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պատգամին մէջ շեշտած է, որ կրօնական առումով Երուսաղէմը համաշխարհային եւ համամարդկային ժառանգութիւն մըն է եւ անոր այս ձեւով քաղաքականութեան առարկայ դառնալը կը վիրաւորէ ընդհանրապէս քրիստոնեաները ու մանաւանդ Հայ Եկեղեցին։ Երուսաղէմը միաստուածեան բոլոր կրօններու հասարակաց պաշտամունքի եւ ուխտագնացութեան վայրն է։ Հետեւաբար, տեղապահ սրբազան հայրը համոզուած է, թէ բոլոր կողմերը պէտք է ջանքեր գործադրեն՝ որպէսզի Սուրբ Քաղաքի այդ հանգամանքը վնաս չկրէ։ Նորին սրբազնութիւնը մատնանշած է, որ համաշխարհային քաղաքականութիւնը աւելի քան երբեք փխրուն վիճակի մը մէջ է, աւելի քան երբեք մեծ սպառնալիքի մը դէմ յանդիման կը գտնուի, ուստի առկայ լարուածութիւններու յաղթահարման համար կողմերը պէտք է վարուին պաղարիւնութեամբ։

Տեղապահ սրբազան հայրը հրապարակած պատգամի աւարտին աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած աշխարհի, մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի եւ Թուրքիոյ խաղաղութեան ու անդորրութեան համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2017