ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները վերջին շրջանին իրականացուցին շարք մը պտոյտներ, որոնք թէ՛ խանդավառութեան առիթ հանդիսացան տղոց տեսակէտէ եւ թէ նպաստեցին անոնց ընդհանուր գիտելիքներու զարգացման։ Լեւոն-Վարդուհեանի աշակերտները ուսուցիչներու հսկողութեան տակ այցելեցին «Պիլկի» համալսարանի ուժանիւթի թանգարանը, Սուլթանահմէտի շրջանի պատմամշակութային տեսարժան վայրերը, Պէյլիքտիւզիւի մէջ կազմակերպուած TÜYAP-ի գիրքի տօնավաճառը, Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի Օսմանպէյի բնակարանը, Պատրիարքարանի «Յովհաննէս Կոլոտ» թանգարանը եւ այլն։

Աշակերտները այցելութիւն մը տուին նաեւ Բերայի թանգարանը։ Պտոյտներու ամբողջին մէջ սա առանձնայատուկ տեղ մը ունեցաւ, որովհետեւ տղաքը խորապէս տպաւորուեցան նկարչական ստեղծագործութիւններէն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018