ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՔԷՐՄԷՍ

Մխիթարեան վարժարանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուած էր քէրմէսը, որու բացումին ներկայ գտնուեցան Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրաքեան եւ նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։ Ծնողաց միութեան անդամուհիներուն կողմէ յարդարուած ճաշակաւոր տաղաւարներուն վրայ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած իրեղէնները արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018