ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ISTANBUL ART SHOW-ԻՆ

Հարպիյէի «Հիլթըն» պանդոկի համալիրէն ներս այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Istanbul Art Show-ը, որ գեղարուեստական մեծ ձեռնարկ մըն է։ Վիթխարի ցուցահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ համախմբուած են կերպարուեստի բազում վարպետներ։ Գեղարուեստական տօնավաճառ մըն է այս մէկը, որու ծիրին մէջ համադրուած են թէ՛ դասական ստեղծագործութիւններ եւ թէ արդիներ, որոնք նաեւ փորձագիտական արտադրանք կը համարուին։

Այս մեծ ցուցահանդէսին մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ մեր համայնքէն չորս յայտնի նկարչուհիներ՝ Ազնիւ Չոպան, Քուտրէթ Տուրսուն, Գարին Ճինճիօղլու եւ Հիպէլ Կազզէ։ Ցուցահանդէսի այցելուները անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն անոնց ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ։ Ազնիւ Չոպան, Քուտրէթ Տուրսուն եւ Գարին Ճինճիօղլու այս մեծ հարթակին վրայ լուրջ ուշադրութեան կ՚արժանանան իրենց արուեստի որակով ու մակարդակով։ Դժբախտաբար անակնկալ անհանգստութեան հետեւանքով Հիպէլ Կազզէ կը բացակայի ցուցադրութենէն, բայց իր գործերը կը ներկայացուին յատուկ բաժնի մը մէջ։ Չորս հայ նկարչուհիներու ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են «Nişart» գեղարուեստասրահի տաղաւարէն ներս։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018