ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԲԱՐՈՒՆԱԿԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու շատ սիրուած ու յարգուած բարերարներէն մին՝ Անդրանիկ Բարունակեան։ Ան հազիւ 65 տարեկանին աչքերը փակած է կեանքին եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝ անժամանակ ձեւով հրաժեշտ առած իր սիրելիներէն։

Անդրանիկ Բարունակեան ծնած էր Սամաթիոյ մէջ՝ որպէս որդին Մելքոն եւ Արմենուհի Բարունակեան ամոլին։ Իր աւագ եղբօր՝ Ասատուր Բարունակեանի հետ հասակ առած էր հայկական նահապետական ընտանիքի մը միջավայրին մէջ։ Իր ծնած թաղին մէջ սկսած էր ստանալ կրթութիւն, սակայն աւելի վերջ ընտանեօք փոխադրուած էին քաղաքի Ասիական ափը՝ հաստատուելով Սկիւտար։ Աւարտած էր Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը, որմէ վերջ միջոց մըն ալ յաճախած էր Կեդրոնական։

Անդրանիկ Բարունակեան երիտասարդ տարիքէ նետուած էր գործի կեանքի, ուր հասած էր լուրջ յաջողութեան։ Բարունակեան եղբայրները կերպասի արտադրութեան եւ մեծաքանակ վաճառքի բնագաւառին մէջ ունեցած էին մեծ նուաճումներ։ Այդ յաջողութեան մէջ Անդրանիկ Բարունակեան միշտ ունեցած էր իր դերը։ Բարունակեան եղբայրները՝ որպէս ձեռներէցներ հրապարակի վրայ ապահոված են մեծ վարկ ու հեղինակութիւն։ Այդ նուաճումներուն զուգահեռ՝ անոնք միշտ զօրավիգ հանդիսացած են մեր համայնքի բարենպատակ հաստատութիւններուն։ Երկու եղբայր միշտ բաժնած են այդ զգայնութիւնը եւ մտերիմները գիտեն, թէ Անդրանիկ Բարունակեան այդ յանձնառութեան հետամուտ էր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Համայնքային զանազան ձեռնարկներու մասնակցութիւն կը բերէր բարձր տրամադրութիւնով եւ ընկերային շրջանակներէ ներս համակրանք կը վայելէր իր հաղորդական նկարագրով։

Անդրանիկ Բարունակեան ամուսնացած էր Ալիս Բարունակեանի հետ։ Ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Ունէր երկու զաւակ։ Հայրական հոգածութիւնով եւ հարազատներու նկատմամբ գուրգուրանքով կը պայմանաւորէր ընտանեկան յարկի ջերմութիւնը։

Դժբախտաբար վերջին ամիսներուն սկսաւ տառապիլ առողջական լուրջ խնդիրներէ, որոնց վրայ եկան բարդուիլ արկածի մը հետեւանքները։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար հիւանդանոցի մէջ՝ ենթարկուած ըլլալով ծանր վիրահատութիւններու։ Մե՜ղք, որ բժիշկներուն կողմէ ցուցաբերուած մասնագիտական խնամքն ու ընտանիքին հոգածութիւնը անբաւարար եղան իր առողջութեան վերականգնման համար եւ ան երէկ յետմիջօրէի ժամերուն իր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ աչքերը փակեց կեանքին։ Անդրանիկ Բարունակեանի անժամանակ մահը խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու բոլոր սիրելիները։

Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուի ընտանեկան մահազդով։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Անդրանիկ Բարունակեանի բարի հոգւոյն։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք այրիին՝ Ալիս Բարունակեանին, որդւոյն՝ Արէտին, դստեր՝ Անիթային, աւագ եղբօր՝ Ասատուր եւ Թալին Բարունակեան ամոլին, զաւակներուն, մօրեղբօր՝ Սարգիս-Նուարդ Շահապօղլու ամոլին, ինչպէս նաեւ Սահակեան-Նունեան լիսէի տնօրէնուհի Մարի-Յարութիւն Սարուխանեան ամոլին եւ որդւոյն՝ Արթուն Սարուխանեանին։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018