ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մաքրուհի Գուրանի յուղարկաւորութիւնը։ Այս առթիւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ցաւակցութիւն յայտնեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան փոքրամասնութիւններու գծով նախկին խորհրդական Նատիա Թաշէլին եւ «Լոյս մետիա»ի հիմնադիր-նախագահ Արամ Գուրանին, որոնց մայրն էր հանգուցեալը։ Նորին Ամենապատուութեան առընթեր ներկայ էին նաեւ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, ինչպէս նաեւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։

Փառաշուք արարողութեան հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Յուղարկաւորութենէն վերջ հանգուցեալի մարմինը փոխադրուեցաւ Էտիրնէգաբուի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2020