ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երիտասարդական փայլուն համերգ մը։ Սա «Մենք երգ ենք» համերգաշարի հերթական փուլն էր, որ բացառիկ իմաստ ստացաւ՝ զուգադիպած ըլլալով տարեմուտին։ Այս համերգաշարին կազմակերպումը կը համակարգէ Սեւան Աթաօղլու, իսկ երաժշտական բաժինը՝ Արի Հերկել։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեան ներքեւ կեանքի կը կոչուի ծրագիրը։
Տարեմուտի համերգին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սեւան Աթաօղլու, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագծի հովանաւորներուն։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժպիտ Լոյս Կէզէրի եւ Տայք Միսիսօղլուի։ Մեր վարժարաններէն սաներ եւ մեր համայնքէն համալսարանականներ մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս համերգին։ Անոնց համար ապահովուած էին փոխադրամիջոցներ։
Յայտագրի տեւողութեան հանդէս եկան «Bagas», «The Strangers» եւ «Solanum» խումբերը։ Անգլերէն, թրքերէն եւ հայերէն փոփ երգերով անոնք խանդավառեցին մթնոլորտը։
Երիտասարդները հրաժեշտ առին վառ տպաւորութիւններով։