Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Եշիլգիւղի վրայ։ Այսպէս, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան բուն թուականը անցեալ ամիս զուգադիպած էր համայնքային ընտրութիւններու շրջանին, ուստի, որոշ յապաղումով մը տեղի ունեցաւ՝ ներառեալ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան առողջական պատճառներով ակամայ բացակայեցաւ։
Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Աթէշ Մազմանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ թաղի եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հիմնադիրներուն եւ սատարողներուն հոգւոցն ի հանգիստ, նաեւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Եշիլգիւղի վարժարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Մասնակիցներու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, երեսփոխան Կարօ Փայլան, ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան խորհուրդէն անդամներ, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր հիւրերը։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Անի Քալայլըի։ Հապիպ Էօզֆուրունճու ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց թաղի բարերարներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, նաեւ Օրթագիւղի, Պէյքոզի եւ Կէտիկփաշայի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն։ Վարժարանի ընդհանուր կացութեան շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելէ վերջ Հապիպ Էօզֆուրունճու տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ՝ Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ տնօրինուած համայնքապատկան կարեւոր կալուածական նիւթերուն շուրջ։ Ան շեշտեց, որ գործընթացը հետզհետէ կը հասուննայ։
Յայտագրի տեւողութեան նորին սրբազնութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան՝ Եշլիգիւղի թաղային խորհուրդի կազմէն ներս ծառայութիւնը աւարտած նախկին թաղականներուն։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները խմբերգներով, արտասանութիւններով եւ նուագներով հանդէս եկան՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Անոնք պատրաստուած էին հայերէնի, երաժշտութեան ուսուցիչներուն եւ պարուսոյցի հսկողութեան ներքեւ։
Եշիլգիւղի այս տարուան պիւտճէի բացը կը կազմէր աւելի քան 3 միլիոն 400 հազար լիրա։ Հանգանակութեան արդիւնքին գոյացաւ միայն 1 միլիոն 900 հազար լիրա։
Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շնորհաւորութիւններ յղեց Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ Ան շեշտեց, թէ դիւրին գործ չէ մեր համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարումը։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ ինք կ՚ակնկալէր, թէ վերջին համայնքային ընտրութիւններուն զուգահեռ՝ այլեւս դրամական նեղութիւնները կը յաղթահարուին պոլսահայ իրականութենէն ներս։ Բայց եւ այնպէս, այդ յոյսերը դժբախտաբար չեն արդարանար։ Ընտրութիւններէն առաջ տրուած խոստումները, ըստ երեւոյթին կը մոռցուին։ Յամենայնդէպս, նորին սրբազնութիւնը յոյս յայտնեց, թէ տարուան ընթացքին յաւելեալ ջանքերով եւ նոր միջոցներով պիւտճէն կը հաւասարակշռուի։ «Մեր այժմու վարչայիններուն մեծամասնութիւնը նոր է։ Երբ անոնք քիչ մը ընտելանան, կը յուսամ, թէ ամէն ինչ աւելի լաւ կ՚ըլլայ», ըսաւ ան։ Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ապաքինման մաղթանքներ յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր համար։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։