ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-100» մա­տե­նա­շա­րէն լոյս տե­սած ա­ռա­ջին ե­րեք գիր­քե­րու հա­մա­տեղ շնոր­հան­դէ­սին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ «Ան­ցեա­լի եւ ա­պա­գա­յի խաչ­մե­րու­կին» խո­րագ­րեալ ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցած էին Սփիւռ­քէն ե­րեք յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան­ներ՝ Իշ­խան Չիֆթ­ճեան, Վար­դան Մատ­թէո­սեան, Վա­հէ Թաշ­ճեան, ո­րոնց միա­ցած էր նաեւ Ե­րե­ւա­նէն Սա­գօ Ա­րեան՝ որ­պէս նիս­տա­վար։ Շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կէն վերջ հիւ­րե­րը ար­դէն հրա­ժեշտ ա­ռին քա­ղա­քէս։ Իշ­խան Չիֆթ­ճեան եւ Վա­հէ Թաշ­ճեան Կի­րա­կի վե­րա­դար­ձան Գեր­մա­նիա, մին՝ Համ­պուրկ, իսկ միւ­սը՝ Պեր­լին։ Ե­րէկ ալ յետ­մի­ջօ­րէին Իս­թան­պու­լէն հրա­ժեշտ ա­ռաւ Վար­դան Մատ­թէո­սեան։ Ա­ռա­ջին ան­գամ քա­ղաքս այ­ցե­լեց Մատ­թէո- սեան, որ կար­ճա­տեւ կե­ցու­թե­նէն վերջ վե­րա­դար­ձաւ Նիւ Եորք։

Սա­գօ Ա­րեան քա­նի մը օր եւս կը մնայ Իս­թան­պու­լի մէջ։

 

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016