ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը շաբաթավերջին տօնական տրամադրութեան մէջ էր։ Բժշկութեան տօնին զուգադիպած շաբաթավերջը այս տարի բնորոշուեցաւ հայ կաթողիկէ հասարակութեան եւ երկրի ամբողջ փոքրամասնութիւններուն տեսանկիւնէն պատմական ու կենսական ձեռքբերումով մը։ Այսպէս, հիմքը դրուեցաւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի նոր շէնքին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն կը կառուցուի Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ընդարձակ համալիրը՝ «Շանսիթի» կոչուած ծրագրին շրջագծով։ Երբ այս նախագիծը կեանքի կը կոչուէր փուլ առ փուլ, ընթացքին անհրաժեշտութիւնը յառաջացած էր Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հին շէնքը փուլ բերելու։ Թէքնիկ համոզիչ հանգամանքներով հիմնաւորուած համապատասխան որոշումը առնելու խիզախութիւնը ցուցաբերուեցաւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Պեռնար Սարըպայի։ Այսպէսով թէ՛ հիւանդանոցի շէնքը պիտի ամրանար եւ թէ «Շանսիթի»ի ծրագրին ձեռնամուխ շինարարական ընկերութեան ընձեռած ձեռնտու պայմաններով պիտի ապահովուէր այդ արդիւնքը։ Ամբողջ ենթագետինը պատրաստ էր աշխատանքի ձեռնարկելու համար, սակայն Շիշլիի քաղաքապետարանին կողմէ տրուելիք շինարարութեան թոյլտուութիւնը յապաղած էր զանազան պատճառներով։ Ի վերջոյ, դիւանակալական ընթացակարգով պայմանաւորուած խնդիրներն ալ կարգաւորուեցան եւ շաբաթավերջին հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի նոր շէնքին համար։ Յառաջիկայ շրջանին Իսթանպուլի սրտին վրայ պիտի կառուցուի առողջապահական նոր համալիր մը, որ արդի բոլոր խստապահանջ չափանիշներուն համապատասխան պիտի ըլլայ եւ օժտուած՝ ժամանակակից հնարաւորութիւններով, յարմարութիւններով։
Շաբաթ կէսօրուան ժամերուն, առանց չափազանցութեան, տօնական մթնոլորտի մը մէջ դրուեցան Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի նոր շէնքին հիմքերը։ Օրուան պատուոյ հիւրերն էին Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ իր տեղակալները՝ Էրտողան Եըլտըզ, Մեհրալի Սէչմէն, Վազգէն Պարըն եւ քաղաքապետարանէն այլ պաշտօնատարներ։ Հիմնարկէքին հանդիսապետեց Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որու կողքին էին նախկին վիճակաւոր Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան եւ նախկին աջակից վիճակաւոր Տ. Գէորգ Արք. Խազումեան։ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Մասնակիցներու շարքին էին Մխիթարեան Միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Հայ կաթողիկէ հոգեւորականաց դասէն անդամներ, ինչպէս նաեւ Ասորի կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ Եուսուֆ Սաղ։ Հայ կաթողիկէ հասարակութենէն զանազան գործիչներու եւ հիւրերու առընթեր ձեռնարկին մասնակցեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան, Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան, նախկին ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Արտաշէս Ագտաղ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Շիշլիի քաղաքապետութեան խորհրդականներէն Յարութիւն Էրկիւնէշ, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի բժշկապետ Եորկի Չոլաք, փոքրամասնական միւս համայնքներուն կողմէ ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։
Որպէս հիւանդանոց եւ ծերանոց ծառայութիւն պիտի մատուցէ կառուցուելիք նոր շէնքը, որու շինարարութեան աշխատանքներու մեկնարկին առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պեռնար Սարըպայ։ Թէեւ հիմնարկէքի արարողութեան միակ ատենախօսն էր ան, սակայն իր փոխանցած սպառիչ մանրամասնութիւններով բոլոր ներկաները արդէն պատկերացուցին անհրաժեշտը, նաեւ խորաթափանց տեղեակ դարձան այս նախագծի կենսական նշանակութեան։ Պեռնար Սարըպայ ելոյթին ընթացքին անկեղծ շնորհակալութիւններ յայտնեց Հայրի Ինէօնիւին եւ իր անմիջական գործակիցներուն, որոնք հաւաքոյթի միւս մասնակիցներուն կողմէ ալ շրջապատուեցան համակրանքով եւ առարկայ դարձան երախտագիտական զգացումներու։ Ատենապետ Սարըպայ դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ «Vizzion Europe» ընկերութեան հասցէին, որ ստանձնած է շինարարութեան ծրագրին պատասխանատուութիւնը։ Սարըպայ բացատրեց, թէ իր գլխաւորած հոգաբարձութեան եւ այս ընկերութեան համագործակցութիւնը որքան ողջունելի ու դրական հեռանկարներ կը խոստանան։
Սարըպայի այս ելոյթէն վերջ հասաւ սպասուած պահը։ Նկատի ունենալով, որ նոր կառուցուելիք շէնքին հիմքերը կը գտնուէին բազմատասնեակ մեթրերու խորութեան մէջ, ապա փորձագիտական հնարաւորութիւններու օգնութեամբ դրուեցաւ առաջին շաղախը։ Այսպէս, Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան եւ Տ. Գէորգ Արք. Խազումեան գերապայծառներուն կողմէ արտասանուած աղօթքներուն զուգահեռ՝ բեմահարթակին վրայ զետեղուած սեղանին շուրջ համախմբուեցան Հայրի Ինէօնիւ, տեղակալները, երեք գերապայծառները, Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Պետրոս Շիրինօղլու եւ Պեռնար Սարըպայ։ Անոնց սեղմած կոճակներուն միջոցաւ առաջին շաղախը լեցուեցաւ շէնքի հիմքերուն մէջ։ Մինչ այդ, Զէքիեան Գերապայծառ օրհնեց հիմնաքարը ու հոն դրաւ նաեւ մէջը վարդարան եւ աղօթք գտնուող տուփիկ մը։ Այս վերջինն ալ խառնուեցաւ առաջին շաղախին մէջ։
Մինչ խանդավառութիւնը հասած էր գագաթնակէտին, յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ուրախակից եղան իրարու եւ մանաւանդ իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը արտայայտեցին Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան նկատմամբ, որպէսզի յառաջիկայ շինարարութեան հանգրուաններուն ամէն ինչ ընթանայ բարեյաջող եւ այս ծրագիրը ածուի ի կատար։