ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԽԱՌՆԱՇՓՈԹ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Հոգեւորականաց համագումարը երէկ յետմիջօրէին պատմական ժողով մը գումարեց եւ տեղապահ ընտրեց Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը, սակայն Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ ուղարկուած նամակով մը տեղեկացուեցաւ, որ ընդհանուր փոխանորդը կը մնայ պաշտօնի գլուխ։ Մեր համայնքին տեսակէտէ երէկուան օրը սկսած էր յոյսերով ու դրական ակնկալութիւններով։ Ընդհանուր սպասումը այն էր, որ Եկեղեցական համագումարի կողմէ տեղապահի մը ընտրութեան զուգահեռ՝ պիտի կազմուէր նաեւ նախաձեռնարկ մարմին մը եւ այսպէսով մեր համայնքը պիտի առաջնորդուէր պատրիարքական ընտրութեան եւ ինն տարուան առկայ միջանկեալ շրջանն ալ պիտի հասնէր իր աւարտին։ Բայց եւ այնպէս, մետասաներորդ պահուն պատկան իշխանութիւններուն կողմէ հասած պաշտօնական նամակը դարձեալ առկախեալ վիճակի մէջ թողուց պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը։ Բնականաբար, ամբողջ համայնքէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ յուսախաբութիւն։ Ներկայիս խառնաշփոթ մը ծագած է համայնքային կեանքէն ներս, առկայ է մեծ անորոշութիւն մը։ Պատրիարքարանը դիմում ներկայացուցած է՝ կուսակալութենէն ժամադրութիւն մը ապահովելու համար ու կը սպասուի այդ դիմումի արդիւնքին, որպէսզի կարելի դառնայ ուղղակի պարզել բոլոր հանգամանքները։ Աւելորդ է ըսել, որ համայնքային կեանքէն ներս կը տիրէ ծանրածանր վիճակ մը։ Գործնականին մէջ, պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան թնճուկը յաղթահարելու իւրաքանչիւր փորձ, դժբախտաբար, ա՛լ աւելի կը խորացնէ կացութիւնը։ Այս վերջին իրադարձութիւնը մեր համայնքի Հանրապետական շրջանի ամենաբարդ եւ ամենանուրբ տագնապներէն մէկուն ծնունդ տուած է։ Ընթացքին, հետզհետէ յայտնի կը դառնան նաեւ տեղապահի ընտրութեան ճիշդ նախօրեակին ապրուածներուն մանրամասնութիւնները եւ այդ բոլորին հիման վրայ ալ կարելի է հետեւցնել, որ անհաշտ մրցակցութիւններու մթնոլորտին մէջ հնարաւոր չէ եղած անթերի ենթագետին մը պատրաստել՝ երաշխաւորելու համար տեղապահի հեզասահ ընտրութիւն մը։ Այժմ, թրքահայ համայնքի իրաւունքներուն տեսակէտէ ծանրակշիռ ու մտահոգիչ վիճակ մը գոյութիւն ունի։ Համայնքային շրջանակները ցաւով ու զարմանքով կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Բոլորը համամիտ են, որ տագնապը խոր է, սակայն յաղթահարման ճանապարհն ալ պիտի բիւրեղանայ պաղարիւն ու միասնական աշխատանքով։
Երէկ, ժամը՝ 15.00-ին, Գումգաբուի մէջ հաւաքուած էին Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումար ժողովի անդամները։ Երբ բոլոր եկեղեցականները պատրաստ էին դահլիճին մէջ, քիչ անց անոնց միացան նաեւ Աթոռի երեք սրբազանները՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ընդհանուր փոխանորդին նախագահութեամբ գումարուեցաւ նիստը, որու բացման աղօթքի արտասանման ժամանակ նկարահանման հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ համայնքային մամուլին։ Համագումար ժողովը աւելի վերջ շարունակուեցաւ դռնփակ։ Նախ կազմուեցաւ դիւանը, որու ատենապետն էր Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ ատենադպիրը՝ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Քուէախոյզները եղան՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Օրակարգի վրայ էր տեղապահի ընտրութիւնը եւ հոգեւոր հայրերը ձեռնարկեցին գաղտնի քուէարկութեան։ Արդիւնքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ստացաւ 23 քուէ, իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ 11 քուէ։ Ծանօթ է, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թեկնածութիւնը ետ առած էր՝ ի նպաստ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։ Ժողովականները ծափահարութիւններով տեղեկացան արդիւնքին, ըստ որու ձայներու շուրջ 70 տոկոսը կեդրոնացուած էր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վրայ։ Այդ փուլին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ շնորհաւորեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Հարկ է նշել, որ մեր Աթոռի արտասահմանի հոգեւորականներն ալ հեռակայ դրութեամբ, փոխանորդութիւններու միջոցաւ, մասնակցեցան քուէարկութեան եւ տուին իրենց ձայնը՝ իրենց համար նախընտրելի թեկնածուին։ Քուէհամարի ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պահ մը դուրս եկաւ ժողովասրահէն՝ քիչ մը օդափոխուելու եւ ջուր խմելու համար։ Իր տրամադրութիւնը բարձր էր։ Ան շուտով վերադարձաւ դահլիճ։ Որոշ ժամանակ անց, երբ ամէն ինչ վերջացած ըլլալ կը թուէր, դադար մը տրուեցաւ նիստին։ Ժողովական հայրերը արձակուեցան կարճ ժամանակի մը համար, իսկ դահլիճին մէջ պատրաստութիւններ սկսան՝ որպէսզի ընտրեալ տեղապահը կատարէ իր ուխտը։ Ճիշդ այդ փուլին հեռապատճէնով (ֆաքս) Պատրիարքարան հասաւ կուսակալութեան պաշտօնական նամակը։ Աթոռի երեք սրբազանները առանձնասենեակի մը մէջ վերահասու դարձան անոր բովանդակութեան։ Նամակին պատճէնը յանձնուեցաւ նաեւ մամուլին։ Համագումարի անդամներն ալ աստիճանաբար տեղեակ դարձան կացութեան։ Ժողովականները դարձեալ վերադարձան դահլիճ ու նիստը շարունակուեցաւ դռնփակ։ Ընտրեալ տեղապահին ուխտի արարողութեան փոխարէն բուռն քննարկումներ ծաւալուեցան առկայ ծանրակշիռ կացութեան շուրջ։ Համագումարի դիւանը պատրաստեց պաշտօնական զեկոյցը։ Ժողովականները որոշեցին դիմել Իսթանպուլի կուսակալութեան՝ պարզաբանումներ ունենալու համար ուղարկուած նամակին շուրջ։ Եկեղեցականաց համագումարը այսպէսով աւարտին հասաւ անորոշ կացութեան մէջ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ
Համագումարէն վերջ առիթն ունեցանք զրուցելու Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Պատրիարքարանէն արձակուելու ժամանակ ան նաեւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ներկայ լրագրողներուն հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը բնականաբար մտահոգ էր։ Ան յայտնեց, որ պիտի չվերադառնայ Գերմանիա ու պիտի մնայ Պոլսոյ մէջ։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն Նորին Սրբազնութիւնը կ՚իջեւանէր պանդոկի մը մէջ։ Ան նշեց, որ այլեւս պիտի հաստատուի Պատրիարքարան։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի խօսքերով, հիմա կը սպասուի կուսակալութեան ժամադրութեան՝ որպէսզի կարելի ըլլայ յստակացնել ամէն ինչ։ Ան շեշտեց, որ ինք մտադիր չէ մասնակցելու այդ տեսակցութեան։
Երէկուան այդ յայտարարութիւններէն վերջ, այս առաւօտ վերստին կապ հաստատեցինք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ, որ յայտնեց՝ թէ սպասողական կացութիւն մը ստեղծուած է։ Այս առաւօտեան դրութեամբ Նորին Սրբազնութիւնը որոշած է շարունակել պանդոկի մէջ իջեւանիլ եւ մինչեւ կուսակալութենէն տրուելիք ժամադրութիւնը չհաստատուիլ Գումգաբուի։ Նորին Սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց, որ ըստ իր լսումներուն կուսակալութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի տայ պահանջուած ժամադրութիւնը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ
Համագումարէն վերջ առիթն ունեցանք կարծիքը շօշափելու նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որ եւս մտահոգուած էր ստեղծուած իրավիճակով։ Ան յայտնեց, թէ իր տեսակէտէ կացութիւնը շատ անախորժ է՝ մանաւանդ, որ ինք մնացած է երկու կողմէ բացուած կրակի միջեւ։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, որ անմիջապէս բանաւոր դիմում մը արդէն ներկայացուցած է կուսակալութենէն ժամադրութիւն մը ապահովելու համար։ Իր խօսքերով, այդ հանդիպման ժամանակ պիտի պարզուին բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնց լոյսին տակ կրնան կրճատուիլ հարցականները։
Այս առաւօտ ալ արդէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գրաւոր դիմում մը կատարուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան՝ ժամադրութեան խնդրանքով։ Պատրիարքարանի դիւանը պաշտօնապէս հաղորդեց այս տեղեկութիւնը։