ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՀԱՍԱՆ ՔԱՂԱՔՍ

Նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի վաղուան յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններուն մասնակցելու համար այս առաւօտ քաղաքս հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ  Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ կը գլխաւորուի այս պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վաղը Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, իսկ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան պիտի ընթերցէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցական պատգամը։

Այսօր քաղաքս կը հասնին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչները՝ Լիբանանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տ. Խորէն Եպսկ. Աշքարեան։

Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ ալ մեր համայնքի հաւատացեալ զաւակները փութացին իրենց վերջին խոնարհումը բերելու հոգելոյս Պատրիարք Հօր դագաղին առջեւ։ Հոգեւոր հայրերը միշտ սուրբգրային ընթերցումներ կը կատարէին դագաղին շուրջ։ Երէկուան աղօթքին հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Գումգաբուի մէջ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ երէկ օրուան տեւողութեան շարունակեց ընդունիլ ցաւակցական այցելութիւնները՝ իր կողքին ունենալով Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Իսթանպուլի միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազ, երեսփոխան Մարգար Էսաեան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, միջեկեղեցական հիւրեր, համայնքային շրջանակներէ ներկայացուցիչներ եւ այլք։

Օրուայ աւարտին Գումգաբուի մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց յուղարկաւորութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն ներգրաւուած երիտասարդները։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ։ Ընդհանուր փոխանորդը գնահատեց երիտասարդաց խումբի անդամներուն կողմէ դրսեւորուած զգայնութիւնը հոգելոյս Պատրիարք Հօր նկատմամբ վերջին յարգանքին տեսակէտէ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրհնութեան հակիրճ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, որոնք ունեցան նաեւ խորհրդակցութիւն մը։

Գումգաբուի մէջ այսօր երեկոյեան ալ նախատեսուած է յուղարկաւորութեան կարգադիր յանձնախումբի ժողովը։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2019