ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Կեդրոնականի ընտանիքը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ համախմբուած է քէրմէսի մը առթիւ։ Այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ աւանդական քէրմէսը, որ ամէն տարի ծնողաց միութեան կողմէ կը կազմակերպուի Ս. Զատկին ընդառաջ։ Երկօրեայ քէրմէսը կազմակերպուած է Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Երէկ բացուած ձեռնարկը կ՚եզրափակուի այսօր։ Քէրմէսը արժանացաւ այցելուներու ջերմ հետաքրքրութեան, որոնք սպառեցին իրենց տրամադրութեան տակ դրուած՝ տօնական շրջանին բնորոշ աւանդական իրեղէնները։ Կեդրոնականի ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն՝ Լետա Չիթճեան (ատենապետուհի), Նաթալի Օքթայ, Թալին Պոզթաշ, Ժանէթ Արծիւեան, Գոհար Այտըն, Լետա Աղտաղ, Թամար Քարաքաշ, Հիլտա Աւատեան, Պանու Էօզտեմիր եւ Իլտա Աշճը։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024