ՀԱՄԱՏԵՂ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հիւրընկալմամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւն մը։ Տարեդարձի այս ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մօտաւոր անցեալի դարադարձին յաջորդած ձեռքբերումները արժեւորելու։ Միեւնոյն ժամանակ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մերօրեայ առաքելութեան, կայքէջին ու մօտաւոր անցեալին հաստատուած «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի արդիւնքները խոշորացոյցի տակ բերուեցան հանդիսութեան ընթացքին։ 110-ամեակի առթիւ տեղի ունեցած տարեդարձի հաւաքոյթը նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռեց նախանշելու համար թերթիս վերամեկնաբանեալ առաքելութեան հիմնական առանցքները։

Երեւանի մէջ կազմակերպուած տարեդարձը համատեղ շնորհանդէսներու բնոյթը ունէր։ Երկու նիստով կազմակերպուած յոբելենական հաւաք մըն էր այս մէկը։ Իւրաքանչիւր նիստ եղաւ ուրոյն շնորհանդէս մը։

Յոբելենական ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կեդրոնի տնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան։ Աւելի վերջ Սփիռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանն ալ ներկաներուն փոխանցեց օրհնութեան խօսք մը։

Աւելի վերջ սկսան շնորհանդէս-նիստերը։ Յոբելենական ձեռնարկի երկու փուլերն ալ վարեց «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։ Առաջին նիստը «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած վերջին չորս գիրքերը խորքային ներկայացնելու առիթ ընձեռեց։ Այս փուլին յայտնի գրագէտներ դրուատիքը հիւսեցին բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի ջանքերով սկիզբ առած հրատարակչական աշխատանքի ծիրէն ներս կատարուած արտադրութեան՝ ընդգծելով պտուղներու որակն ու պատրաստութեան լայն մտաւոր հորիզոնները։ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի «Փոքր Ասիոյ մէջէն», Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ», Վահան Թէքէեանի «Կեսարիա» եւ նոյնպէս Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտներ» գիրքերը ներկայացուեցան բազմակողմանիօրէն։ Ձեռնարկի այս փուլին իրերայաջորդ հանդէս եկան գրականագէտ եւ Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, Երեւանի Պետական համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Արծրուն Աւագեան, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան եւ բանասէր Նառա Սարգսեան։ Անոնք մատենաշարի չորս գիրքերու մասին խորհրդածեցին՝ կատարելով ընդհանուր արժեւորում մը։

Հարկ է յիշեցնել, որ այս մատենաշարի առաջին գիրքը եղած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի յօդուածներէն բաղկացեալ «Օրուան մտածումներ» ժողովածոն, որու շնորհանդէսը այդ ժամանակ կատարուած էր Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ։

110-ամեակի տարեդարձի ձեռնարկի երկրորդ նիստը նախատեսուած էր որպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համացանցային կայքէջի շնորհանդէս։ www.jamanak.com կայքէջը այս փուլին ներկայացուեցաւ դարձեալ յայտնի մտաւորականներու կողմէ եւ անոնց խօսակցութիւններու ընդմէջէն բիւրեղացան նոր շրջանի վերաբերեալ դիտարկումներն ու սպասումները։ Այս նիստի ատենախօսներն էին Հայաստանի Հանրային ռատիոյի տնօրէն Մարկ Գրիգորեան, «Երկիր մետիա» հեռուստակայանի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, պատմաբան Յարութիւն Մարութեան եւ գրող ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեան։

Այս ելոյթներէն վերջ փակման փուլին հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ եւս մասնակցեցաւ Երեւանի յոբելենական ձեռնարկին։ Խորքին մէջ երախտագիտութեան խօսք մը արտասանեց ան, որ միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը ջանայ քայլ յարմարցնել նոր ժամանակներու երթին։ Այս նոր ժամանակները հայկական լրատուական աշխարհին տեսակէտէ զանազան մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած են։

ԺԱՄԱՆԱԿ կը հրատարակուի արեւմտահայերէնով եւ դժբախտաբար արեւմտահայերէնով արտադրութիւնը դարձած է չափազանց սահմանափակ եւ թերթն ալ առաքելութիւնը կը շարունակէ՝ պայքարելով չափազանց սահմանափակ մարդուժով մը գործելու դժուարութեան դէմ։ Արա Գօչունեան գոհունակութեամբ նշեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն հետ ունի սերտ կապեր։ Այդ համագործակցութեան շնորհիւ է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը Հայաստանի իրադարձութիւններու պարագային կը նկատուի հաւաստի աղբիւր։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ այն հանգամանքը, որ ԺԱՄԱՆԱԿ ներկայիս հինգ աշխատակից ունի Երեւանի մէջ։

Արա Գօչունեան յայտնեց, որ հայ իրականութեան պարագային ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կ՚առաջնորդուի հայաստանակեդրոն մտածելակերպով։ Սփիւռքի մէջ ներկայիս կայ սերունդ մը, որ իր գոյութիւնը, իր ազգային դիմագիծը կը պայմանաւորէ Հայաստանի գոյատեւումով։

«ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակը կը զուգադիպէր Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին։ Սա մեզի համար շատ յատկանշական երեւոյթ մըն է։ Կ՚երեւի այսօր մեր իրականութեան մատի վրայ հաշւուած թերթերէն մին է, որ կարելիութիւն ունեցած է պատմութեան ընթացքին Առաջին հանրապետութեան իրադարձութիւնները լուսաբանելու։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը եղած է մեր արդի պատմութեան գրեթէ բոլոր առանցքային իրադարձութիւններու ականատեսն ու վկան։ Եւ ես կը մաղթեմ, որ շարունակութեան՝ այն ինչին, որ ականատեսն ու վկան պիտի ըլլայ, դարեր յետոյ արդէն մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ շատ աւելի դրական եւ շատ աւելի ձեռքբերումներ խորհրդանշող ժամանակաշրջաններ ըլլան», եզրափակեց իր խօսքը Արա Գօչունեան։

Իր խօսքի աւարտին յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Յովիկ Էօրտէքեան ՀԲԸՄ-ի անունով պատրաստուած յուշանուէրը յանձնեց Արա Գօչունեանին։ Բաց աստի, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին անունով յուշանուէրներ յանձնուեցան թերթիս կայքէջի թեքնիկ պատասխանատուներէն Յովհաննէս Կիզողեանին եւ որդւոյն՝ Արտաշէս Կիզողեանին։ Յովհաննէս Կիզողեանին յուշանուէրը յանձնեց յայտնի ազգային բարերար, «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան։ Արտաշէս Կիզողեանի յուշանուէրը յանձնեց Երեւանի մեր աշխատակից Անուշ Թրուանց։

Մինչ այդ, Հրանոյշ Յակոբեան ծանրաբեռնուած ծրագրին պատճառով միայն առաջին նիստին մասնակցութիւն բերաւ եւ իր մեկնումի պահուն Արա Գօչունեան իրեն յանձնեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ յուշանուէր մը։

110-ամեակի ձեռնարկի յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ տարեդարձի կարկանդակ մը։ Այս փուլին բոլոր ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ եւ 110-ամեակի առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեցին Արա Գօչունեանին։

Երեւանի ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին քաղաքական դէմքեր, հասարակական գործիչներ, ակադեմականներ, արուեստագէտներ, դիւանագէտներ, հոգեւորականներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներկայացուցիչներ, գրականագէտներ, թերթիս համակիրներ, հիւրեր, ու մանաւանդ երիտասարդ գիտնականներ, որոնք փութացած էին հաղորդ դառնալու տարեդարձի մթնոլորտին։

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ. «ԱՅՍՕՐ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը ՄԵԶԻ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ ՆԱԵՒ ԻՐ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԿԱՅՔԷՋՈՎ ԵՒ ՄԵՆՔ ԿՐՆԱՆՔ ԿԱՅՔԸ ԸՄԲՈՇԽՆԵԼ, ԿԱՐԴԱԼ, ԳԻՏՆԱԼ ԼՈՒՐԵՐ ԻՆՉՊԷՍ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ, ԱՅՆՊԷՍ ԱԼ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԷՆ»

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին ձօնուած Երեւանի կրկնակ շնորհանդէսներուն ընթացքին.-

Նախ շնորհակալութիւն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ այս գեղեցիկ սրահը տրամադրելու եւ այս ձեռնարկին աջակից ըլլալու համար: Այսօր մենք հաւաքուած ենք տօնելու, նշելու երեք կարեւորագոյն իրադարձութիւն. առաջինը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակն է, այս մէկը մեր հայկական աշխարհի մէջ, հայկական իրականութեան մէջ եզակի դէպքերէն մին է, որ 110 տարի թերթը երբեւէ չէ ընդհատած իր գործունէութիւնը եւ շարունակած է իր հայապահպան մեծ առաքելութիւնը: Ընդհանրապէս պարբերականները, այն ալ սփիւռքի մէջ, գործելով, աշխատելով ո՛չ միայն լուր կը տարածեն, ո՛չ միայն կը ներկայացնեն համայնքի տարեգրութիւնը, այլեւ իւրօրինակ դերակատարութիւն կ՚ունենան հայ ինքնութեան, հայ արմատին կառչած պահելու մեր աշխարհասփիւռ հայութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ օգնելու, աջակցելու հայ լեզուն տարածելու, զարգացնելու եւ սերունդներուն փոխանցելու առումով: Այստեղ է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, իրօք, մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, եւ, փառք ու պատիւ անոր հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեաններուն, որոնք ժամանակին ամենայայտնի անհատականութիւններէն էին Պոլսոյ մէջ, եւ անոնք կրցան ժամանակի հետ, ժամանակին համահունչ, ստեղծել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը: ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, իրօք, դարձաւ այն խոշոր կեդրոնը, որ իր շուրջ համախմբեց պոլսահայ մտաւորականութիւնը, մտաւորական գրիչն ու միտքը: Եւ ամենաուրախալին այն էր, որ Միսաք, զոր համայնքին մէջ կը կոչէին Քասիմ, կրցաւ մեր հայ մտաւորականներու առաջին քայլերը ներկայացնել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ: Եւ, ինչպէ՛ս շնորհակալ չըլլալ, չխոնարհիլ այս մեծերու առջեւ, որոնք կրցան Գրիգոր Զօհրապի, Զապէլ Եսայեանի, Երուանդ Օտեանի, Վահան Թէքէեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Երուխանի գործերը այդպէս սիրով ներկայացնել մեր հայ ընթերցողին:

Եւ կը պատմեն, որ ժամանակին թերթը տունէ տուն, ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէր, որպէսզի մարդիկ կարդային մեր հայ մտաւորականութիւնը: Իսկ Սարգիս Գօչունեանը, ժամանակին ըլլալով մեծ մտածող, մեծ մտաւորական, նաեւ գործարար մարդու ջիղ ունեցող անհատականութիւն, կրցաւ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ստեղծել գովազդային գործակալութիւն: Երբ Արեւմուտքը նոր-նոր սկսած էր գովազդը որպէս երեւոյթ ներկայացնել, ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը, արդէն Արեւմուտքի թերթերուն զուգահեռ կը ներկայացնէր այն ամէնը, ինչ որ այսօր կը կոչենք գովազդային իրականութիւն: Ես պէտք է նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեմ Գօչունեանական ընտանիքի կիներուն, որոնք եղած են գրագէտ, խելացի, իրենց ամուսիններուն կողքին եւ ամէն ինչ ըրած են, որպէսզի ժամանակի բոլոր տարուբերումներու ընթացքին թերթը լոյս աշխարհ գայ: Եւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ իւրօրինակ է այնքանով, որ, հակառակ անոր թղթակիցները, գործիչները, ի մասնաւորի՝ այսօրուայ մեր երկու հեղինակները՝ Երուխան եւ Ռուբէն Զարդարեան զոհ գացին Եղեռնի ժամանակ, այնուամենայնիւ, թերթը շարունակեց գործել:

Այսօր ալ, անոր՝ Սարգիսի ծոռը մեր Արա Գօչունեանը կը շարունակէ իր պապերու ստեղծած աւանդոյթները, սովորոյթները եւ ժամանակի հետ ա՛լ աւելի կը զարգացնէ զայն: Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը մեզի կը ներկայանայ նաեւ իր ելեկտրոնային կայքով եւ մենք կրնանք կայքը ըմբոշխնել, կարդալ, գիտնալ լուրեր ինչպէս Թուրքիայէն, Հայաստանէն, այնպէս ալ՝ հայկական սփիւռքէն: Ուրախ եմ նաեւ, որ թերթը կրցած է անդրադարձ կատարել այն կարեւորագոյն մտաւորականներուն, որոնք ժամանակին, կարելի է ըսել, թերթի հանրահռչակմամբ զբաղած են եւ այսօր, մեր ձեռքը առնելով Թէքէեանի աշխատութիւնները, Ռուբէն Զարդարեանի եւ Երուխանի գործերը, մենք կարծես թէ նորովի հայեացք կը նետենք այդ գրողներուն, մարդոց, որոնք գործած են ժամանակին եւ այսօր անոնց խիզախ միտքը, մտաւորականի, քննադատի, քաղաքագէտի կեցուածքը մենք անոնց ստեղծագործութիւններու, բանաստեղծութիւններու, նորավէպերու, հէքեաթներու մէջ կրնանք կարդալ, հասկնալ, վայելել: Նաեւ շատ շնորհակալ եմ գիրքի պատրաստողներուն, խմբագիրներուն, որոնք այնքան գեղեցիկ ձեւով կրցած են մատուցել, ձեւաւորել եւ այսօր ներկայացնել ընթերցողի դատին: Կ՚ուզեմ շնորհաւորել բոլորս այս գիրքերու առթիւ, շնորհակալութիւն յայտնել Արա Գօչունեանին՝ այս գեղեցիկ ձեռնարկի եւ նախաձեռնութեան համար եւ բնական է, որ մեր դասականներու այս գիրքերը կու գան լրացնելու հայ գրականութեան այն մասը, որ մենք պէտք է տակաւին վերանորոգենք, վերատպենք, վերաիմաստաւորենք: Այս գիրքերով նաեւ արեւմտահայ գրականութեան, արեւմտահայերէնի պահպանման, զարգացման եւ տարածման առումով մեծ գործ կատարուած է: Կը շնորհաւորեմ այս երեք փառահեղ ձեռնարկներու առթիւ եւ կը մաղթեմ յաջողութիւններ:

           

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018